Վերջին 24 ժամուան ընթացքին ամերիկեան զինուած ուժերը Եմէնի տարածքին մէջ ոչնչացուցած են հուսիներու երեք հրթիռային համակարգ, յայտնած է ԱՄՆ կեդրոնական հրամանատարութիւնը:
«Ճշդուած է, որ այդ զէնքն անմիջական սպառնալիք կը ներկայացնէ տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ի ուժերու, դաշինքի եւ առեւտրային նաւերու համար»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ընդգծուած է, որ այդ գործողութիւնները ձեռնարկուած են նաւագնացութեան ազատութիւնը պաշտպանելու եւ միջազգային ջուրերու մէջ անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար: