image

Ամերիկեան պատիժներու նոր փաթեթ ռուսաստանեան աւելի քան 400 ընկերութեան դէմ

Ամերիկեան պատիժներու նոր փաթեթ ռուսաստանեան աւելի քան 400 ընկերութեան դէմ

Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի նախարարութեան պատժամիջոցներու ցանկին վրայ աւելցած է 400 անհատի եւ ընկերութեան անուն, որոնք աջակցած են Մոսկուային՝ ելեկտրոնային բաղադրիչներ ձեռք բերելու հարցով։

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի ուքրանական ծառայութիւնը պարզած է, որ ցանկին մէջ ներառուած են Ռուսիոյ մէջ գրանցուած Display Component-ը եւ Aspectrium-ը, ինչպէս նաեւ նոյն անունով երկու ընկերութիւն՝ Eksiton: Այն կը ներառէ նաեւ հունգարական Matrix Metal Group-ը եւ Կիպրոսի Noratec Holdings-ը:

Վեց ընկերութիւն, ըստ հետաքննութեան, ներգրաւուած եղած են Ռուսիոյ ռազմական օդանաւերուն մէջ օգտագործուող ելեկտրոնային բաղադրիչներու մատակարարման մէջ։