image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները հարցաքննած են Իսրայէլացի պատմաբան՝ Իլան Փափփէն. Ի՞նչ են պատճառները

Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները հարցաքննած են Իսրայէլացի պատմաբան՝ Իլան Փափփէն. Ի՞նչ են պատճառները

Իսրայէլացի պատմաբան Իլան Փափփէն յայտնած է, որ ԱՄՆ Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոն (FBI) զինք ձերբակալած է երկուշաբթի օր, Տիթրոյթի օդակայանին մէջ եւ՝ երկու ժամ հարցաքննած։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին

Իսրայէլացի պատմաբան Իլան Փափփէն յայտնած է, որ ԱՄՆ Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոն զինք ձերբակալած է երկուշաբթի օր, Տիթրոյթի օդակայանին մէջ եւ երկու ժամով հարցաքննած։

Այս մասին ան գրառում կատարած է իր դիմատետրեան էջին, գրելով՝ «Գիտէի՞ք, որ պատմութեան 70-ամեայ դասախօսները կը սպառնան ամերիկեան ազգային անվտանգութեան», աւելցնելով, որ իրեն ուղղուած հարցերէն եղած են՝ «Դուք «Համաս»ի կողմնակից է՞ք», «Կազայի մէջ Իսրայէլի գործողութիւնները ցեղասպանութիւն կը համարէ՞ք», «Ո՞րն է հակամարտութեան լուծումը», «Որո՞նք են ձեր արաբ եւ իսլամ ընկերներն Ամերիկայի մէջ»։

Փափփէ Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյի (FBI) հարցերուն պատասխանած է յղում ընելով իր գիրքերուն։

Ան նաեւ նշած է, որ քննիչները հեռախօսազրոյց ունեցած են իսրայէլացիներուն հետ՝ իր հետ հարցաքննութեան ժամանակ։ Անոր հեռախօսն ամբողջութեամբ պատճէնահանած են, նախքան ԱՄՆ մուտքը արտօնելը։

Ան նաեւ ըսած է. «Ես գիտեմ, որ ձեզմէ շատերը շատ աւելի վատ փորձի միջով անցած են, սակայն այն բանէն ետք, երբ Ֆրանսան եւ Գերմանիան արգիլեցին Կլասքօ համալսարանի նախագահի մուտքը, քանի որ ան պաղեստինցի է (դոկտ. Ղասան Աբու Սիթա), թէ ինչ կրնայ դեռ պատահիլ, միայն Աստուած գիտէ»:

Ըստ Փափփէի, այս բոլորի մէջ սակայն լաւ նորութիւնն այն է, որ իսրայէլամէտ լոպպիի կամ բուն Իսրայէլի ճնշման հետեւանքով ԱՄՆ-ի կամ եւրոպական երկիրներու կողմէ ձեռնարկուած նման միջոցներէն խուճապի եւ բացարձակ յուսահատութեան հոտ կու գայ, որպէս արձագանգ  այն մասին, որ Իսրայէլ շատ շուտով պիտի վերածուի մերժուած պետութեան՝ նման իրավիճակի բոլոր հետեւանքներով։

Յատկանշական է, որ Փափփէն միշտ կոչ կ՚ընէ վերանայելու արաբա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը չէզոք չափանիշերով: