Մեծ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ՝ Թոնի Պլէր անհեռատես անուանած է Աֆղանիստանէն ամերիկեան զօրքերը դուրս հանելու որոշումը: Անոր յօդուածը հրապարակուած է Թոնի Պլէրի Կլոպալ փոփոխութիւններու հիմնարկի կայքին մէջ:
Ըստ նախկին վարչապետին՝ ներկայիս գերակշռող տրամադրուածութիւնը այն է, որ ժողովրդավարութեան ներդրումը մտացածին մոլորութիւն է, ցանկացած տեսակի միջամտութիւն՝ ապարդիւն արարք:
«Այժմ աշխարհը չի գիտեր, թէ ինչ կը պաշտպանէ Արեւմուտքը, քանի որ, ակնյայտ է, որ Աֆղանիստանէն հեռանալու որոշումը կայացուած է ոչ թէ ռազմավարական, այլ քաղաքական պատճառներով: Մենք պէտք չէ ընէինք այդ, սակայն մենք այդպէս ալ վարուեցանք», – գրած է Պլէր:
Ըստ անոր՝ արեւմտեան երկիրները «ենթարկուած են անվերջ պատերազմներուն վերջ դնելու քաղաքական յիմար կարգախօսին»: Միեւնոյն ժամանակ, նշած է, որ վերջին մէկուկէս տարուայ ընթացքին զօրքերու թիւը նուազագոյնի հասցուած է, եւ դաշնակից երկիրներու ոչ մէկ զինծառայող մահացած է:
Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ՝ Տանըլտ Թրամբ յայտարարած էր, որ Աֆղանիստանէն ամերիկեան զօրքերը դուրս հանելը կ'ընկալուի որպէս անձնատրութիւն: Ան հնարաւոր համարած է, որ գործող նախագահ՝ Ճօ Պայտընի գործողութիւններու պատճառով 11 Սեպտեմբերին՝ Նիու Եորքի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան 20 -րդ տարելիցի կապակցութեամբ, Թալիպան ահաբեկչական շարժման դրօշը կը ծածանի Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան շէնքին վրայ: