image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան կողմէ Հայաստանի տրուելիք աջակցութիւնը բազմապատկուեցաւ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան կողմէ Հայաստանի տրուելիք աջակցութիւնը  բազմապատկուեցաւ

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Ճոն Ալելօ ստորագրած են ՀՀ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ զարգացման ուղղուած համագործակցութեան դրամաշնորհային համաձայնագրի փոփոխութիւնը: Վերջինիս հետեւանքով աւելի քան կը կրկնապատկուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան համաձայնագիրի ծիրէն ներս տրամադրուող գումարի շեմը՝ 120 միլիոն տոլարէն դառնալով 250 միլիոն տոլար, ինչպէս նաեւ կ'ընդլայնուին համատեղ ծրագիրներու ոլորտները:

Ընդլայնուած համաձայնագիրը կը ներառէ այնպիսի առանցքային ոլորտներ, ինչպէս՝ աղէտներու վտանգի կառավարումը, ցանցային անվտանգութիւնը, պարէնային եւ ելեկտրականութեան անվտանգութիւնը, տարածաշրջանային համագործակցութիւնն ու առեւտուրը, ժողովրդավարական գործընթացները եւ տնտեսական ներառական զարգացումը:

«Հայաստանի համար կարեւորը ոչ միայն ֆինանսական աջակցութիւնն է, այլեւ մեր համատեղ ծրագրերի արդիւնքում խթանուող ժողովրդավարական արժէքները, ստեղծարար գաղափարներն ու զարգացած գործարար մշակոյթը: Վերջիններիս ներդրումը մեր երկրում թոյլ է տալիս իրականացնել հիմնարար բարեփոխումներ եւ բարձրացնել քաղաքացիների կեանքի որակը»,- նշած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն յաւակնոտ բարեփոխումներու Հայաստանի օրակարգն իրականութիւն դարձնելու ճանապարհին աջակցելու համար:

«Այս փոփոխութիւնը ցոյց կու տայ մեր յանձնառութիւնը Հայաստանի հետ մեր գործընկերութեան: Մեծցնելով մեր աջակցութեան ծաւալը եւ ընդլայնելով մեր ծրագիրները՝ մենք կ'օգնենք Հայաստանին զարգանալու եւ յաջողութեան հասնելու: Մեր աշխատանքը Հայաստանի կառավարութեան եւ նախարարութիւններուն հետ վճռորոշ դերակատարութիւն ունի մեր ընդհանուր նպատակներուն հասնելու գործին մէջ», - ըսած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Ճոն Ալելօ: