image

Ամերիկայի Միացեալ նահանգներէն օժանդակութիւններու նոր փաթեթ՝ Ուքրանիոյ 


Ամերիկայի Միացեալ նահանգներէն  օժանդակութիւններու նոր փաթեթ՝ Ուքրանիոյ   


Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու   վարչակազմը մտադիր է առաջիկայ շաբաթներուն Ուքրանիա ուղարկել ռազմական օգնութեան նոր փաթեթ։

Այս մասին լրագրողներու համար հերթական առցանց ճեպազրոյցին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի։

«Ինչպէս նախագահ Պայտըն յստակացուցած է, մեր աջակցութիւնն Ուքրանիոյ կը մնայ անսասան, եւ մենք կը շարունակենք կեդրոնանալ անոնց ռազմական եւ հակաօդային պաշտպանութեան ուժեղացման վրայ՝ հաշուի առնելով ռուսական այս տեսակի յարձակումները:

Ինչպէս տեսաք ընդամէնը 10 օր առաջ, մենք յայտարարեցինք ռազմական օգնութեան եւս մէկ փաթեթի մասին, որ առաջիկայ շաբաթներուն պիտի տրամադրուի աւելին»,- ըսած է ան։

Քըրպի չէ յստակացուցած, թէ ճիշդ ինչ կը պատրաստուի Ուաշինկթընը լրացուցիչ ուղարկել Քիեւ։