Միացեալ Նահանգները առնչութիւն չունի Լիբանանի մէջ «Փէյճըր» հաղորդակցութեան սարքերու զանգուածային պայթումներու միջադէպերու հետ եւ նախապէս տեղեակ չէ եղած այս մասին, ճեպազրոյցին յայտարարած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըրը։
Երեքշաբթի՝ 17 սեպտեմբերին, Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ պայթած են «Հըզպալլա» շարժման անդամներու «Փէյճըր» հաղորդակցութեան սարքերը։ Երկրի առողջապահութեան նախարարութեան ղեկավար Ֆիրաս Ապեատը յայտնած է, որ միջադէպի հետեւանքով աւելի քան 4,000 մարդ վիրաւորուած է, 11-ը՝ զոհուած։
«Հըզպալլա» եւ Լիբանանի իշխանութիւնները կատարուածի համար մեղադրած են Իսրայէլը։ Լրատուամիջոցներու շարք մը հաղորդագրութիւններու համաձայն՝ շարժման անդամներու կողմէ «Փէյճըր» հաղորդակցութեան սարքերը կ՚օգտագործուին որպէս փակ կապի համակարգ, որ ամենաքիչը կ՚ենթարկուին ցացահէնային յարձակումներու եւ գաղտնալսման: