Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն:
Լրագրողը խնդրած է մեկնաբանել այն անհանգստութիւնները, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը կ՚օգտագործէ իրավիճակը Կազայի մէջ սրելու համար եւ կը փորձէ հայ քրիստոնեաները հեռացնել Հայկական թաղամասէն: Սակայն Միլլըր նշած է, որ որեւէ յստակ պատասխան չունի:
«Ինչպէս բազմիցս յայտարարած ենք, մենք չենք ուզեր, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը ձեռնարկէ քայլեր, որոնք կը հանգեցնեն լարուածութեան սրման»,-աւելցուցած է Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 28-ին աւելի քան 30 դիմակաւորուած զինուած անձինք ներխուժած էին Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ»-ի տարածք եւ դաժան յարձակում գործած եպիսկոպոսներու, քահանաներու, սարկաւագներու եւ հայ համայնքի այլ ներկայացուցիչներու վրայ: Ծանր վիրաւորում ստացած են քահանաներ, դպրեվանքի ուսանողներ եւ տեղի հայեր: