image

ԱՄԷ-ի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. վերընտրուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդի պաշտօնին

ԱՄԷ-ի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. վերընտրուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդի պաշտօնին

 Օրերս տեղի ունեցած Ազգային-երեսփոխական փակ ժողովի արդիւնքով ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից Թեմի Առաջնորդի պաշտօնին վերընտրուած է Կիլիկեան Աթոռի երիտասարդ եւ կարող միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանէն, որ այս առիթով մասնաւորպէս տարածած է  ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը։

Մեր թեմի ազնիւ ժողովուրդի ուշադրութեան կ'ուզենք յանձնել՝ որ Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, Երեքշաբթի 12 Դեկտեմբեր 2023-ին, իր գումարած լիակատար նիստի ընթացքին կը կատարէ վերընտրութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանին:

Ընտրութիւնը վաւերացուած է թիւ 131/19 Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ստացուած նամակով: 

Ամփոփ կէտերու մէջ կը ներկայացնենք Սրբազան հօր Թեմէն ներս անցնող տասը տարիներու ընթացքին տարած աշխատանքը։

Սրբազան հօր թեմական ծառայութիւնը որպէս Առաջնորդ սահմանափակուած չէ միայն եկեղեցական կեանքով։ 10 տարուան ընթացին Սրբազանը իր լայնախոհութեամբ եւ ժրաջան գործունէութեամբ թեմական, ազգային եւ եկեղեցական բնագաւառներէն ներս լայնածաւալ աշխատանք տանելով, գաղութի կեանքը ծաղկազարդած է։ 

Ազգային-եկեղեցական կեանքը, Սրբազան Հօր տարած եզակի աշխատանքով վերելք կը ստանայ եւ «լի իրաւ Հովիւ» եզրը բառացիօրէն կ՛արտացոլայ ժողովուրդին կեանքէն ներս որպէս եկեղեցւոյ ճշգրիտ ներկայութիւն եւ եկեղեցականի ամբողջական նուիրում։ 

10 տարուան ծառայութիւնը չենք կրնար ներկայացնել այստեղ, սակայն ամփոփելու համար մեր գաղափարները կրնանք թուել այն աշխատանքային ծիրերը, որոնք աճ ստացան Սրբազան Հօր Առաջնորդութեան ընթացքին։ 

Ա.- Պետական եւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ 

Պետական մակարդակի վրայ Սրբազան Հօր ստեղծած կապերը եւ պետական բարեկամական յարաբերութիւնները, առիթ դարձան հայ ժողովուրդին եւ հայ եկեղեցւոյ դիմագիծը եւ ունեցած իւրայատուկ նկարագիրը բարձր պահելու պետութեան մտապատկերին մէջ։ 

Սրբազան Հօր Պետական անձերու հետ ունեցած հանդիպումները միշտ ալ առիթ հանդիսացած են գաղութի եւ եկեղեցւոյ շահերը ամէն բանէ վեր պահելու եւ հետապնդելու։ 

Այստեղ արժէ յիշել թէ Սրբազանը միակ քրիստոնեայ եկեղեցականը եղած է Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հոգեւորականներուն մէջ, որ առաջին անգամ ըլլալով Իսլամական Զատկուան տօնին առիթով իր պատգամը փոխանցեց Շէյխ Զայէտ նշանաւոր մզկիթէն, որպէս միջ կրօնական եզակի արտայայտութիւն իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութեանց։ 

Բ.- Միջ եկեղեցական Յարաբերութիւն

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ գտնուող եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եղբայրական եւ սիրալիր յարաբերութիւն ունին Մեսրոպ Սրբազանին նկատմամբ։ Մեզի համար հպարտութիւն է ըսել թէ մեր թեմի Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, 2 շրջանի համար ընտրուած է ամբողջ Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ատենապետ։

Գ.- Թեմի Վերակազմակերպչական Աշխատանքներ

10 տարուան ընթացքին թեմի վերակազմակերպման աշխատանքները ընդլայնեցան եւ արդիւնաւորուեցան Սրբազան Հօր Առաջնորդութեամբ եւ ծառայութեամբ։

Յիշենք մի քանին՝

- Կանոնագրի վերամշակում , վերադասաւորում եւ բարեկարգում

- Դպրոցական կեանքի կրթական եւ ուսումնական բարելաւում

- Յանձնախումբերէն ներս Երիտասարդաց ոյժերու ներառում

- Միացեալ Ազգային Վարչութեան ստեղծում եւ աշխատանքային յստակ բաժանում

- Եկեղեցական կեանքի բարեզարդում

- Հայ Ընտանիքներէն ներս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան ջամբում 

- Ազգային, եկեղեցական եւ ազգային կեանքի աճ

- Հոգեւոր քարոզխօսութեանց եւ Աստուածաշունչի սերտողութեանց մատակարարում 

Յանուն մեր թեմի Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեան եւ ժողովուրդին կը մաղթենք Սրբազան հօր առաջնորդական յաջող ու բեղուն ծառայութիւն, եւ կ'աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած որ իրեն վստահուած այս առաքելութիւնը իմաստութեամբ, համբերութեամբ եւ խոհեմութեամբ կատարէ թեմի տարածաշրջանէն ներս:

 

Այս առթիւ «Արեւելք»  ամբողջական յաջողութիւններ կը մաղթէ վերընտրեալ Սրբազան հօր, մաղթելով, որ ան շարունակէ ուղիղ առաքելութեամբ շարունակէ իր նուիրական երթը։