image

ԱՄԷ-ի եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Կազայի հատուածի մէջ տիրող իրադրութիւնը

ԱՄԷ-ի եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Կազայի հատուածի մէջ տիրող իրադրութիւնը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայէտ ալ-Նահեան Ապու Տապիի մէջ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Կիտէոն Սաարի հետ քննարկած է Կազայի հատուածի մէջ տիրող իրադրութիւնը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է ԱՄԷ-ի պետական ​​լրատուական գործակալութիւնը:

Ըստ հրապարակման՝ նախարարները քննարկած են Կազայի հատուածի մէջ հրադադարի հասնելուն եւ իսրայէլացի պատանդներու ազատ արձակման ուղղուած ջանքերը։

Բացի այդ, ԱՄԷ արտաքին գործոց նախարարը X-ի էջին նշած է, որ հանդիպման քննարկուած են երկու երկիրներու յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է «Կազայի հատուածի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի մագլցման»։

Իր հերթին իսրայէլեան կողմը յայտարարած է, որ նախարարներու հանդիպման քննարկուած է «տարածաշրջանային խնդիրներու ողջ շրջանակը»։

Միեւնոյն ժամանակ Իսրայէլի զինուորականները յայտնած են, որ հարուածներ հասցուցած են Կազայի հատուածին մէջ գտնուող կառոյցին, ուրկէ, ըստ անոնց, հրթիռներ արձակուած են Իսրայէլի ուղղութեամբ:

«Որոշ ժամանակ առաջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հարուած հասցուցած է Կազայի հատուածին մէջ հրթիռային կայանքին, ուրկէ աւելի վաղ արկեր արձակուած են Իսրայէլի տարածքի ուղղութեամբ», -ըսուած է Իսրայէլի զինուորականներու յայտարարութեան մէջ: