18-էն 19 Յուլիսի ընթացքին ԱԻՆ ՓԾ Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնին մէջ 21 ահազանգ ստացուած է հանրապետութեան տարբեր խոտածածկ տարածքներուն մէջ բռնկած մօտ 200 քմ եւ աւելի տարածք ընդգրկող հրդեհներու վերաբերեալ, մասնաւորապէս՝
Երեւանի Էրեբունի վարչկան շրջանին մէջ՝ 340 քմ, Շէնգաւիթ վարչական շրջանին մէջ՝ 1500 քմ, Նոր Նորք վարչական շրջանին մէջ՝ 1500 քմ, Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ՝ 800 քմ,
Արարատի մարզի Ազատաշէն գիւղին մէջ՝ 2000 քմ,
Արմաւիրի մարզի Էջմիածին քաղաքին մէջ՝ 2 հա,
Լոռիի մարզի Սպիտակ քաղաքին մէջ՝ 2.25 հա, Ալավերտի քաղաքին մէջ՝ 2 հա,
Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքին մէջ՝ 1,7 հա, Արամուս գիւղին մէջ՝ 2000 քմ, Զովունի գիւղին մէջ՝ 1000 քմ,
Շիրակի մարզի Ախուրեան գիւղին մէջ՝ 4000 քմ,
Սիւնիքի մարզի Գեղի գիւղին մէջ՝ 20 հա, Եղեգ գիւղին մէջ՝ 6 հա,
Տաւուշի մարզի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ՝ 1 հա,
Երեւան-Երասխ ճանապարհին՝ 2 հա, Արմաւիր-Միասնիկեան ճանապարհին՝ 8000 քմ, Ազատան–Արեւիկ ճանապարհին՝ 3,5 հա:
Հրշէջ-փրկարարները մարած են վերոնշեալ տարածքներուն մէջ բռնկած հրդեհները՝ ընդհանուր 42,55 հա: