image

Ալիեւ Էրտողանի հրաւէրով Իսթանպուլ է

Ալիեւ Էրտողանի հրաւէրով Իսթանպուլ է

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ անոր տիկինը՝ Մեհրիպան Ալիեւան աշխատանքային այցով կը գտնուին Իսթանպուլ։

Ինչպէս նշուած է Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ, Ալիեւն ու երկրի առաջին տիկինը Իսթանպուլ ժամանած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հրաւէրով։

Կը հաղորդուի, որ անոնց օդակայանին մէջ դիմաւորած են Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ արհեստագիտութեան նախարար Մուսթաֆա Վարանքն ու շարք մը այլ պաշտօնեաներ։

Այցի օրակարգի մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր։