Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի 8-րդ համաշխարհային համաժողովին («Աշխարհը COVID-19-էն ետք») անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն՝ ընելով հետեւեալ յայտարարութիւնը.«Ատրպէյճանը շարք մը առաջարկներ կատարած է Հայաստանին՝ սկսած է աշխատանքը խաղաղութեան պայմանագրի վրայ, քանի որ մենք մտադիր ենք խօսիլ ոչ թէ պատերազմի, այլ՝ խաղաղութեան մասին։ Սակայն, ցաւօք, այս առաջարկը մինչ այժմ մնացած է անպատասխան»։
Ալիեւ նշած է, որ Ատրպէյճանը առաջարկած է նաեւ սկսիլ Հայաստանի հետ սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթաց՝ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելու համար։
«Այս ամէնը կը համապատասխանէ միջազգային կանոններուն, բայց, ցաւօք, այդ հարցը դեռ լուծուած չէ», ըսած է Ալիեւ, որու պնդմամբ՝ Ատրպէյճանը առաւելագոյն կառուցողականութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ։
Ան ընդգծած է, որ «պէտք է նայիլ ապագային եւ ապահովել այն որպէս կանխատեսելի, պատրաստ ըլլալ լայնածաւալ համագործակցութեան»:
Ալիեւ շեշտած է, որ իրավիճակի հետագայ զարգացումը կախեալ պիտի ըլլայ Հայաստանի դիրքորոշումէն։
«Մեր դիրքորոշումը միանշանակ պարզ է. մենք պատրաստ ենք խաղաղ բանակցութիւններ սկսելու եւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու։ Մենք կ'ուզենք շրջել այս էջը եւ որոշել սահմանները, բայց, ինչպէս կը տեսնէք, Հայաստանէն արձագանգ չկայ։ Կարելի է ըսել, որ ամբողջ տարի մը լռած են։ Կը կարծեմ, թէ անոնք չեն կրնար դիմակայել Ատրպէյճանի կառուցողական դիրքորոշման», ըսած է Ալիեւ։