Անձամբ ես կը կարծեմ, որ մենք շատ մօտ ենք եւ պատմական հնարաւորութիւն ունինք կնքելու խաղաղութեան պայմանագիր, եւ կ'ուզեմ ըսել, որ մեզի համար առաջնային է ճանապարհներու բացումը եւ Հայաստանը պատրաստ է տրամադրելու ճանապարհ եւ նոյնիսկ երկաթուղի: Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին ըսած է ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը:
«Շատ կ'ուզենանք , որ Գրանադայում քայլ անենք առաջ, պատմական շանսն օգտագործենք, յաւերժ պատերազմը ոչ մէկին ձեռք չի տալիս»,-ըսած է ան:
Ան յիշեցուցած է, որ Շառլ Միշէլի մասնակցութեամբ 15 յունիսին արձանագրուած է, որ երկիրները իրար տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչցած են, գործընթացները տեղի պիտի ունենան Ալմա-Աթայի համաձայնութեան հիման վրայ եւ հաղորդակցութեան կապերու բացումը տեղի պիտի ունենայ երկիրներու ինքնիշխանութեան պահպանման հիման վրայ, որ հիմք կրնայ հանդիսանալ համաձայնութեան հասնելու համար: