image

«Ալ Մայատին». Իտլիպի մէջ ամերիկեան ձախող գործողութիւն եւ զոհեր

«Ալ Մայատին». Իտլիպի մէջ ամերիկեան ձախող գործողութիւն եւ զոհեր

Միջազգային դաշինքին պատկանող 4 ուղղաթիռները ցամաքահանում իրականացուցած են Իտլիպի հիւսիսը գտնուող Աթմա քաղաքին մօտ, որու ընթացքին զոհուած են խաղաղ բնակիչներ՝ կիներ եւ երեխաներ:

Աղբիւրները կը նշեն, որ «ամերիկացի զինուորները տուներէն մէկուն բարձրախօսներով կոչ ըրած են հեռանալու, ուր բռնկած են կատաղի բախումներ, որոնք տեւած են աւելի քան կէս ժամ, որոնց ընթացքին ամերիկացիներուն հետապնդած առաջատար գործիչը յաջողած է փախուստ տալ»:

Դաշինքի զինուորները իրենց առաքելութեան ձախողումէն յետոյ, որ տեւած է աւելի քան կէս ժամ, ուղղաթիռներով թիրախաւորած են երկու տուն եւ ամբողջութեամբ զանոնք աւերած են այդտեղ ապրող բնակիչներուն վրայ, ինչ որ յանգեցուցած է քաղաքացիական զոհերու:

Հակասական տեղեկութիւններ շրջանառուեցան թիրախաւորուած ղեկավար գործիչին մասին` «Կրօնի պահապաններ» կազմակերպութեան նշանաւոր առաջնորդ Ապու Հուսամ Բրիտանացիի կամ Տահէշի առաջնորդներ Ապու Ուպայտա Իրաքիի եւ Օմար Քարտիշ Թուրքիի միջեւ:

Զինեալներու աղբիւրները իրենց ընկերային ցանցերու հարթակներուն մէջ հաստատած են, որ «բոլոր զոհերը, որոնք ինկած են օդային թիրախի տարածքին մէջ, խաղաղ բնակիչներ են եւ անոնց մէջ մահացած առաջնորդ չկայ»:

Reuters-ը Սուրիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան աղբիւրներէն կը մէջբերէ, որ «առնուազն 13 մարդ, այդ շարքին` 6 երեխայ, զոհուած է ամերիկեան ցամաքահանումէն յետոյ տեղի ունեցած բախումներուն ժամանակ:

Իր հերթին, ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը ըսած է, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի այսօրուան իրականացուած առաքելութեան ընդացքին ոեւէ ամերիկացի զոհ չէ արձանագրուած:

Միաժամանակ ռուսական «Սփութնիք» գործակալութիւնը յայտնած է, որ ամերիկեան բանակի շարք մը զինուորներ վիրաւորուած են ցաշաքանաումէն ետք բռնկած բախումներուն ժամանակ: