image

Գաղթի մը շուրջ խոհեր

Գաղթի մը շուրջ խոհեր

Աւելի քան երեք տարի առաջ, 2021-ի յունիս-յուլիս ամիսներուն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ հրատարակեցի եռակտոր յօդուածաշարք մը՝ «Թուրքիոյ հայոց շարժն ի Հայաստան» վերնագրով։ Այնտեղ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցած եւ քննած էի Թուրքիոյ քաղաքացի հայերու մօտ՝ վերջին տարիներուն աճ արձանագրած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ձեռք ձգելու երեւոյթի շարժառիթներն ու տարբեր հանգամանքները, ինչպէս նաեւ անոնցմէ ոմանց -փոքրաթիւ խումբ մը- Հայաստանի մէջ կեցութիւն հաստատելու երեւոյթը։ Այս օրերուս վերադարձած եմ այդ ուսումնասիրութեան յատկապէս երկրորդ մասին՝ «Երեւանաբնակ պոլսահայութիւնը» քննող, ինչ որ հարստացուցած եմ տարուայ ընթացքին հաւաքած հարցազրոյցներուս նոր շարքով։ Եւ քանի տարեվերջեան արձակուրդս այսպէս թէ այնպէս կը խոստանայ զիս թաղել այս նիւթով գիտական յօդուածի մը յորձանուտներուն մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բացառիկ թիւին աւանդական մասնակցութիւնս կը փափաքիմ նոյն հարցերուն նուիրել։

Մինչ երեք տարի առաջ կը ներկայացնէի Երեւանի մէջ բնակութիւն հաստատած Թուրքիոյ քաղաքացի հայերու ներգաղթի շարժառիթները եւ իրենց որոշ փորձառութիւնները, ապա այստեղ պիտի առաջարկեմ աւելի տեսական-յղացական քննարկում մը՝ միտուած հասկնալու եւ բանաձեւելու խնդրոյ առարկայ մարդկային շարժը։

 

«ԱԶԳԱԿՑԱԿԱՆ ՆԵՐԳԱՂԹ» ՓՈԽԱՆ «ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ»

Թէեւ շատեր հաւանաբար աճապարէին Թուրքիայէ հայերու դէպի Հայաստան տեղափոխումը որակել՝ որպէս «հայրենադարձութիւն», սակայն, իրական պատկերը այլ բան կը պարզէ։ Թուրքիոյ քաղաքացի հայերու մօտ, պատմական եւ քաղաքական պարագաներու բերումով, ժամանակակից Հայաստանի Հանրապետութիւնը շատ յաճախ չունի «հայրենիք»ի ընկալում՝ առնուազն ո՛չ այն նոյն կշիռով, որ կարելի է տեսնել աշխարհասփիւռ հայութեան այլ օճախներու մէջ։ Չնայած արեւմտահայ սփիւռքահայութեան մօտ եւս ընդհանրապէս չկան ուղղակի պատմական կապեր այսօրուայ Հայաստանի տարածքի հետ, առաւելաբար երրորդ հանրապետութեան անկախութեան շրջանին շատերու մօտ Հայաստանը ձեւաւորուած, կառուցուած եւ փորձառուած է՝ որպէս «հայրենիք»։ Պոլսահայերու առումով նկատելիօրէն տարբեր է պարագան։ Այդպէս էր նաեւ հարցազրուցակիցներուս մեծ մասին մօտ։ Անոնք, մէկ-երկու բացառութեամբ, Հայաստանը չէին համարեր հայրենիք՝ այնտեղ տեղափոխուելէ առաջ։ Ոմանք նոյնիսկ տակաւին չեն համարեր զայն այդպիսին՝ թէկուզ քանի մը տարի այդտեղ ապրելէ ետք։ Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով՝ «հայրենադարձութիւն»ը ճիշդ նկարագրութիւն մը պիտի չըլլայ խնդրոյ առարկայ գաղթին։ Քանի որ դէպքերու մեծամասնութեան պարագային Հայաստանը ունեցած է քաշողականութիւն ո՛չ որպէս հայրենիք, բայց որպէս վայր մը, ուր կան ազգային լեզու, մշակոյթ եւ ազգակիցներ, պիտի առաջարկեմ թէկուզ աւելի համեստ բայց եւ աւելի ճշգրիտ յղացք մը՝ «ազգակցական ներգաղթ»։ Թէ արդեօք տարիներու կեցութենէ ետք «մայրենի լեզուիս եւ ազգակիցներուս երկիր»ը կը վերածուի՞ «հայրենիքս»ի, սա ուրիշ հարց մըն է, որուն մէջ չեմ խորանար այստեղ։

 

«ՏՈՒՆԷՋՔ» ՓՈԽԱՆ «ՏՈՒՆԴԱՐՁ»Ի ԿԱՄ «ՏՈՒՆԳԱԼՈՒՍՏ»Ի

Գաղթի եւ սփիւռքագիտութեան նուիրուած գիտական գրականութեան մէջ «տունդարձ»ը եւ «տունգալուստ»ը եւս յաճախ քննարկուած եւ տեսական բանաձեւում ստացած երեւոյթներ են։ Առաջինը կը վերաբերի այնպիսի պարագաներու, երբ անհատը երկար ժամանակ արտերկրի մէջ բնակութենէ ետք կը դառնայ տուն, իր գիւղը, քաղաքը կամ երկիրը։ Մինչդեռ «տունգալուստ»ը ունի մէկ այլ երանգ. յաճախ գրականութեան մէջ օգտագործուած է նկարագրելու համար գաղթի այնպիսի պարագաներ, ուր նախնական արտագաղթողը չէ, որ կը վերադառնայ, սակայն եկողը այնուամենայնիւ «տուն» կու գայ։ Այլ խօսքով, իրական վերադարձ մը չէ պատահածը։ Երբ արտագաղթողի յետնորդները կը տեղափոխուին իրենց պատմական տունը կամ երբ այլապէս մարդիկ կը տեղափոխուին վայր մը, զոր ինքնութենական բազմապիսի պատճառներով իրենց «տուն»ը կը համարեն եւ այդ տուն գալու նպատակով է, որ կու գան, կը խօսուի տունգալուստի մասին։ Այլ խօսքով, կ՚երթան տեղ մը, ուր արդէն իսկ եւ քանի որ իրենց տունը կը համարեն։

Հետազօտութեանս մէջ, սակայն, հանդիպած եմ պարագաներու, որոնք ամբողջովին չեն համապատասխաներ «տունդարձ»ի կամ ալ «տունգալուստ»ի։ Դիւրին կռահելի է, թէ ինչո՛ւ առաջինը մեր քննարկած պարագաներուն չի համապատասխաներ։ Թուրքիոյ քաղաքացի հայերը, որոնք Հայաստան կու գան, բնականաբար, այնտեղ բառիս բուն իմաստով չեն «վերադառնար»։ «Տունգալուստ»ն ալ երբեմն թերի նկարագրութիւն կը թուի ըլլալ խնդրոյ առարկայ ներգաղթին համար, քանի որ եկողներէն շատեր, եթէ ոչ բոլորը, այնպէս ինչպէս Հայաստանը հայրենիք չեն համարեր, նոյնպէս ալ «տուն» գալու ակնկալիքով եւ զգացումով չէ, որ կու գան՝ ինչպէս ուրիշ սփիւռքահայեր պիտի գային։

Ինչպէս 2021-ի թիւին մէջ բացատրած էի, յաճախ այս մարդոց ներգաղթի հիմնական շարժառիթը ո՛չ թէ ինքնին Հայաստան հասնելու փափաքն է, այլ բազմապիսի պատճառներով՝ Թուրքիան ձգելու փափաքը։ Հայաստանը յարմար ընտրանք մը եղած է՝ երբեմն այլընտրանքի բացակայութեան պատճառով, երբեմն ալ առանց երկար հոգեբանական եւ մտաւոր նախապատրաստութեան, այլ ծանօթի մը կամ ընկերոջ մը առաջարկով։ Այս իմաստով ո՛չ թէ ի սկզբանէ եղած է ընկալուած «տուն» մը, ուր մարդ կ՚երթայ տան փնտռտուքով, այլ «այնտեղ» մը, «ուրիշ տեղ» մը աւելի՝ չնայած ազգակցական կապին։

Այն ինչ հետաքրքրական է, սակայն, ոմանց պարագային Հայաստան ժամանելէ ետք, երբեմն շատ արագ, զայն որպէս տուն ճանչնալու, որպէս այդպիսին գտնելու երեւոյթն է։ Հայերէն լեզուի եւ այլապէս մշակութային անսպասելի հարազատութեան ի տես. օրինակ՝ զրուցակիցներէս մէկը կը յիշէ զարմացած ըլլալ ինքն իր վրայ, թէ ինչո՞ւ մինչ այդ չէր իսկ մտածած գալ, թէկուզ այցելել Հայաստան։ Եւ ինքզինք տան մէջ, հարազատութեան մէջ գտած ըլլալու զգացումն է, որ ունեցած էր. «Հոս հայերէնն ամէ՛ն տեղ է»։ Սա բան մըն է, որ զիս կը մղէ մտածելու նոր յղացքի մը մասին՝ «տունէջք». էջք, որովհետեւ օդանաւէն իջած ըլլալու նման՝ յանկարծակի տեղ մը յայտնուելու զգացումն է, որ կայ կարծես։ Անշուշտ, նախնական այս զգացումը յաճախ փորձութիւններու, երբեմն ալ վերատեսութեան կ՚ենթարկուի նոր տան մէջ կեցութեան ընթացքին, ի տես բարդութիւններու, երբեմն նոյնիսկ յուսախաբութիւններու եւ անհամ փորձառութիւններու, որոնց մասին գրած էի, նորէն, նախորդիւ։

 

Հրակ Փափազեան
«Ժամանակ»/Պոլիս