Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ այսօր տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ Մելգոնեան պատմական վարժարանի բարերարներու՝ Մելգոնեան եղբայրներու։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Պետական Ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեանի պաշտօնական էջէն։
Եկեղեցական արարողութիւնէն ետք ներկաներն ուղղուած են Մելգոնեան վարժարանի շրջափակ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած մեծ բարերարներու յուշակոթողին դիմաց։
Արարողութիւնը գլխաւորած են Թեմի Կաթ. Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանն ու Կիպրոսի Խորհրդարանէն ներս համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ի առաւօտեան, Տէր եւ Տիկին Վարդգէս Մահտեսեաններ ներկայ գտնուեցան Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, անմահ բարերարներու՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու յիշատակին մատուցուած պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան, որմէ ետք յարգանքի տուրք մատուցին բարերարներու դամբանին առջեւ, նախկին Մելգոնեանցիներու հետ։