image

«Ախորժակը ուտելու ատեն կը բացուի...». Կամ Ալիեւի նոր «մտադրութիւններ»ը

«Ախորժակը ուտելու ատեն կը բացուի...». Կամ Ալիեւի նոր  «մտադրութիւններ»ը

Ախորժակը կը բացուի ուտելու ժամանակ․ այդպէս կարելի է բնութագրել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պահուածքն ու անոր այս կամ այն չափով յարձակողական յայտարարութիւնները:

Ատրպէյճանի «Ազերթաճ» պետական լրատուական գործակալութեանը տուած հարցազրոյցին Ալիեւ յայտարարած է Հայաստանի տարածքով եեկտրահաղորդման գիծի կառուցման իր մտադրութեան մասին:

«Մենք ուժանիւթային կապեր ունինք բոլոր չորս հարեւան երկիրներուն հետ, եւ այժմ կ'աշխատինք նոր նախագիծի վրայ: Այժմ մենք կը նախատեսենք Ատրպէյճանէն Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն, այնտեղէն ալ Թուրքիա եւ Իրան Զանգեզուրի միջանցքով նոր գիծ կառուցել», յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւի յայտարարութիւնները, չնայած տեղի ունեցածի ամբողջ դրամատիկութեան, աւելի ու աւելի կը յիշեցնեն ճագարներու մասին յայտնի երգիծական համարը: «Ինչպէս աւելի վաղ ըսած էի, Զանգեզուրի միջանցքը ոչ միայն երկաթուղիներն են,  ճանապարհներն ու օդային փոխադրութիւնն է», իր հերթական պահանջները բարձրաձայնած է Իլհամ Ալիեւը:

Անոր կարծիքով` «Զանգեզուրի միջանցքը դեր կը խաղայ ուժանիւթային աղբիւրներու արտահանման գործին մէջ: Մենք նոր գիծ կ'ունենանք Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն ելեկտրաուժանիւթ մատակարարելու համար, որ Ատրպէյճանի անբաժանելի մասն է, իսկ այնտեղէն` արտաքին շուկաներ, Թուրքիա եւ Եւրոպա: Մէկ գիծ կ'անցնի Վրաստանով` Թուրքիա, եւ երկրորդ գիծը պէտք է անցնի այնտեղ: Մենք կ'աշխատինք այդ ուղղութեամբ, եւ մեր աճող արտահանումը պիտի բարձրացնէ մեր նշանակալիութիւնը, պիտի բարձրացնէ մեր աշխարհաքաղաքական նշանակալիութիւնը եւ, միեւնոյն ժամանակ, կրնայ բերել մեզի լրացուցիչ արժոյթ: Մենք արժոյթ պիտի ստանանք ոչ միայն նաւթէն եւ կազէն, այլ նաեւ ելեկտրականութենէն, եւ մեր երկիրը աւելի լաւ պիտի ապրի: Ահա թէ ինչու այդ բոլոր նախագիծերը կան մեր ծրագրերուն մէջ», խոստացեած Է Ալիեւ:

Պաշտօնական Երեւանը բազմիցս կրկնած է, որ «միջանցքներու» մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, հաղորդակցութիւններու բացումը կ'ենթադրէ ազգային իրաւազօրութիւն: