image

Ահաբեկչութեան լուրջ սպառնալիքներ՝ Ֆրանսայի մէջ

Ահաբեկչութեան լուրջ սպառնալիքներ՝ Ֆրանսայի մէջ

Ֆրանսիայի իշխանութիւնները ահաբեկչական սպառնալիքի մակարդակը բարձրացուցած են ամենաբարձրի՝ մերձմոսկովեան Crocus City Hall-ի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք, յայտարարած է վարչապետ Կապրիէլ Աթալը։

Որոշումն ընդունուած է Էլիզեան պալատին մէջ Ազգային պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որ հրաւիրած է նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։

«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ «Իսլամական պետութիւն»-ը ստանձնած է յարձակման պատասխանատւութիւնը, և մեր երկրի առջեւ ծառացած սպառնալիքները, մենք որոշեցինք ահաբեկչական սպառնալիքի մակարդակը բարձրացնել մինչեւ ամենաբարձրը՝ «յարձակման շտապ սպառնալիք»», - գրած է Աթալը X-ի էջին: