Աֆղանիստանի հիւսիսային Քունտուզ արուարձանին մէջ գտնուող շիիներու մզկիթին մէջ պայթում տեղի ունեցած է, որուն հետեւանքով շուրջ 100 մարդ մահացած է, իսկ տասնեակ մարդիկ վիրաւորում ստացած են:
Նախնական տուեալներով՝ պայթումը հետեւանք է ահաբեկիչի մը անձնասպանական գործողութեան: Կը նշուի, որ յարձակումը իրականացուած է, երբ մարդիկ հաւաքուած էին աղօթքի համար: