image

«Աչք կը փակեն հայերուն եւ քրիստոնեաներուն եղածներուն դիմաց». Մայքըլ Ռուպըն

«Աչք կը փակեն հայերուն եւ քրիստոնեաներուն եղածներուն դիմաց». Մայքըլ Ռուպըն

Կրօնական ազատութիւնը վտանգուած է Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ, մինչդեռ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի «կողմնակալութիւնն» ալ աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը: Այս մասին կը գրէ ամերիկացի վերլուծաբան Մայքըլ Ռուպինը Washington Examiner-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:

Այս մասին գրելով՝ հեղինակը քանի մը օրինակ կը բերէ՝ ընդգծելով, որ ԱՄՆ-ն աչք կը փակէ քրիստոնեաներու դէմ շարք մը գործողութիւններու վրայ, ինչպէս օրինակ՝ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ եզտիներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը: Եզտիներէն շատերը տակաւին կը շարունակեն ստրկութեան մէջ գտնուիլ Թուրքիոյ կամ անոր արաբական գործընկեր երկիրներու մէջ:

«Քրիստոնեաները յաճախ կը յայտնուին նշանակէտի մէջ: Ուշադրութիւն դարձուցէք 2020-ին տեղի ունեցած ղարաբաղեան հակամարտութեան, Տոնալտ Թրամփի նախագահութեան վերջին օրերուն, երբ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը համընդհանուր ուժերով յարձակում նախաձեռնեցին Լեռնային Ղարաբաղի քրիստոնեայ բնակչութեան դէմ, ինչ որ համընկաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Հայաստան ներխուժման 100-ամեայ տարելիցին հետ: Խորհրդանշականութիւնը յստակ էր. սա պայքար չէր յանուն հողի, այլ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն 2-ը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանն ու անոր ատրպէյճանցի գործընկեր Իհլամ Ալիեւը իրենց ճիհատիստական հռետորաբանութիւնը արտայայտեցին գործողութիւններով՝ թիրախաւորելով եկեղեցիներն ու այլ մշակութային ժառանգության կոթողներ», կը գրէ վերլուծաբանը:

Հեղինակը կը նշէ, որ հայերը յոյսով էին, որ Պայտընը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պայտընը պահեց իր խոստումը, սակայն հարցը այն է, որ անկէ երկու օր անց Պլինքըն յայտարարեց Ատրպէյճանին նոր օգնութիւն ուղարկելու մասին՝ գումար, որ օրինականօրէն կը պահանջէր, որ Ատրպէյճանը վստահեցնէ, որ կը հրաժարի ռազմական գործողութիւններէ: Պլինքընի համար այդ էր անկողմնակալութիւնը: Իրականութիւնը բարոյական յստակութեան բացակայութիւնն էր, որ խրախուսեց Ալիեւին շարունակելու իր ռազմական քայլերը:

Այս մասին գրելով՝ Ռուպինը կը մատնանշէ, որ անցեալ ամիս եւս ատրպէյճանական զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի տարածք՝ տասէ աւելի զինուորական սպաննելով: «Պլինքընի արձագանգը կողմնակալ էր՝ ուղղուած երկու կողմերուն՝ երբեք չնկատելով, որ յարձակում իրականացնողը միշտ միեւնոյն կողմն է», կը նկատէ Ռուպինը: