image

ԱԱԾ. «Դատական Հետապնդման Տակ Եղող Թուրք Դատախազներու Հայաստան Մուտք Գործած Ըլլալու Մասին Տեղեկութիւն Չունինք»

ԱԱԾ. «Դատական Հետապնդման  Տակ  Եղող Թուրք Դատախազներու Հայաստան Մուտք Գործած  Ըլլալու  Մասին  Տեղեկութիւն Չունինք»

Հայաստան- Հայաստանի Հանրապետութեան «Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան» (ԱԱԾ) աղբիւրներէն քաղելով իր տեղեկութիւնները  «Ազատութիւն» ռատիոկայանը հաղորդեց, որ մինչեւ այս պահը Թուրքիոյ մէջ դատական հետապնդման տակ եղող   Թուրք դատախազներու   Հայաստան մուտք գործելու մասին տեղեկութիւններ չկան: Նշենք, որ  աւելի վաղ  թրքական  Hurriyet Daily News-ը  տեղեկութիւն   հաղորդած էր, թէ Պոլսոյ Պաքըրքէօյ դատարանի  3  դատախազներ  Թուրքիայէն  հեռանալէ ետք Վրաստանի  ճամբով   անցած են   Հայաստան:  Նշենք, որ   դատախազները կը կոչուին Զաքարիա Օզ, Ճելալ Կարայ եւ Մոհամմէտ  Յուզգեչ: «Արեւելք»ի  Պոլսոյ աղբիւրէն  վերահասու կը դառնանք, որ   դատախազները կը համարուին  թուրք  յայտնի ընդդիմադիր Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի  հետեւորդներ  եւ անոնք ներգրաւուած եղած են Քէմալիստներու  դէմ    2007-ին ծաւալած «Էրկէնիքոն» անունով յայտնի դատական գործին   եւ ապա    2013-ին     Թուրքիոյ նախագահին դէմ     ծաւալած       ապօրինի   նիւթական իւրացումներու   վերաբերեալ  բացուած դատական գորընթացներուն մէջ: Ըստ մեր աղբիւրին,  դատախազներուն ամէնէն երեւելին  Զաքարիա  Օզն է  եւ  դատախազները  որոշած են Երեւան ապաստանիլ նկատի առնելով, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ   դատական հետապնդման տակ եղող      մարդոց կամ  մեղադրեալներու փոխանակման կարգ եւ օրէնք գոյութիւն չունի: