image

8 Յուլիսին ընդդիմութիւնը երթ պիտի կայացնէ

8 Յուլիսին ընդդիմութիւնը  երթ  պիտի կայացնէ

«Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացում հայկական շահը չի պաշտպանւում, փորձում են երկիրը տանել կապիտուլեացիայի», այս մասին Ֆրանսայի հրապարակին մէջ յայտարարեց ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը:

«Թուրք–ատրպէյճանական դաշինքը երկու կողմից, Հայաստանում գտնուող իշխանութեան ղեկին յայտնուած իրենց ղեկավարների օժանդակութեամբ եւ մասնակցութեամբ փորձում են երկիրը տանել վերջնական կապիտուլեացիայի», ըսաւ ան` յաւելելով, որ բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ վտանգը միայն Արցախի մէջ է, կը սխալին, թուրք-ատրպէյճանական դաշինքը որեւէ բանի առջեւ կանգ պիտի չառնէ, յաջորդը պիտի ըլլայ Սիւնիքը, պիտի հասնին մինչեւ Հիւսիսային պողոտայ», ըսաւ ան:

Սաղաթէլեանը նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան կը պարգեւատրէ Ոստիկանութեան ուժերու այն ծառայողները, որոնք բռնութիւն կիրառած են քաղաքացիներուն նկատմամբ: Ըստ անոր` Փաշինեան զանոնք կը պարգեւատրէ, քանի որ ոստիկանական ուժի վրայ հիմնուած է իր իշխանութիւնը:

Իշխան Սաղաթէլեան նաեւ նշեց, որ իշխանութիւնները այնքան սարսափած են, որ «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցները կը կանչեն եռամսեայ հաւաքներուն, եւ այնքան ապաշնորհ են, որ կը կանչեն նոյնիսկ անոնց, որոնք այս պահուն կալանքի տակ կը գտնուին: «Մենք շաբաթը մի քանի անգամ հանդիպում ենք մեր ընկերներին, եւ նրանք շատ աւելի ազատ են, քան նրանց պահով քննիչները», ըսաւ ան` կոչ ընելով ողջունելու անազատութեան մէջ գտնուող իրենց ընկերները:

Խօսելով յաջորդ շաբթուայ ընելիքներուն մասին` ան տեղեկացուց, որ Յուլիս 5-ին` Սահմանադրութեան օրը, ժամը 11:00-ին երթ կը նախատեսեն ի պաշտպանութիւն պետական խորհրդանիշներու: Յուլիս 8-ին` 19:30-ին տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք: