image

7 Տարի անց Ռիատի մէջ բացուած է Իրանեան դեսպանատունը

7 Տարի անց Ռիատի մէջ բացուած է Իրանեան դեսպանատունը

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ Իրանի դեսպանատունը եօթ տարի փակ ըլլալէ ետք 6 յունիսին վերաբացուած է։ Այս մասին հաղորդած է Al Arabiya-ն։

Al-Hadath TV-ի՝ Al Arabiya-ի գործընկեր հեռուստաալիքով հեռարձակուած է, թէ ինչպէս Իրանի դրօշը կը բարձրացուԷր Ռիատի մէջ դեսպանատան շէնքի մօտ՝ Իրանի օրհներգի հնչիւններու ներքոյ:

Դեսպանատան վերաբացումը տեղի ունեցած է մարտին Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ Չինաստանի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած համաձայնագրէն ետք, որու նպատակն էր վերականգնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ: 

Սէուտական Արաբիան Իրանի հետ յարաբերութիւնները խզած է 2016 թուականին «Թեհրանի մէջ իր դեսպանատան եւ Մաշհատի մէջ հիւպատոսութեան վրայ վարչակարգի կողմնակիցներու յարձակումէն ետք»: