Ամէն պարագայի ինչպէս փորձագիտական շրջականեր կը գրեն, ներկայ պահու դրութեամբ անհնար է, որ Լիբանան կարողանայ ընտրել նոր նախագահ, մանաւանդ երբ այդ նախագահը կը համարուի ոչ բոլորին կողմէ ընդունելի կերպար մը, որն աւելիով կրնայ բարդութիւններ բերել տարբեր մակարդակներու վրայ տագնապներ դիմակայող, բայց եւ այնպէս վիրաւոր Լիբանանին։
Ինչպէս եւ սպասելի էր Լիբանանի խորհրդարանը իր այսօրուայ անդրանիկ նիստով չկարողացաւ ընտրել երկրի նոր նախագահ։
Ուշագրաւ էր այն, որ ընդդիմադիր շրջանակներ առաջարկեցին երեսփոխան Միշէլ Մուաուատին անունը, որ ստացաւ 36 քուէ (Լիբանանի խորհրդարանի անդամներու թիւը 128-ն է), իսկ իշխանական շրջանակներ 63 սպիտակ քուէ նետելով կերպով մը տապալման տարին ընտրական նիստը։
Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի իր կարգին նիստի աւարտին յայտարարեց, որ նոր նախագահի ընտրութիւնը կարելի կ՚ըլլայ բացառապէս համաձայնական մթնոլորտի մը մէջ։ Ան նաեւ չպատասխանեց այն հարցումներուն, թէ երբ պիտի կայացուի ընտրական յաջորդ նիստը։