image

5-րդ Օրն է, որ Սոթքի մէջ ելեկտրականութիւն չկայ

5-րդ Օրն է, որ  Սոթքի մէջ ելեկտրականութիւն չկայ

Վարդենիսի Սոթք գիւղին մէջ, հինգերորդ օրն է, որ ելեկտրականութիւն չկայ: 13 Սեպտեմբերի գիշերը ոչ միայն ելեկտրականութեան հաղորդալարերը վնասուած են, այլեւ կազատարը: Մալուխներու վերականգնողական աշխատանքները սկսած են, կազատարի վերանորոգումը դեռ չէ սկսած:

Գեղարքունիքի մարզին մէջ՝ Սոթքը, ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով ամէնէն շատ վնաս կրած բնակավայրն է ։ Այդտեղ, բազմաթիւ տուներ քանդուած են: Բնակիչները ժամանակաւորապէս կը բնակին իրենց ծանօթներու կամ բարեկամներու տուները, այլ գիւղերու մէջ: Կիներն ու երեխաները տարհանուած են, ռազմական գործողութիւններու պատճառով։ Հրադադարէն ետք, շատ քիչերը վերադարձած են գիւղ։