image

Ատրպէյճան արգելք կը հանդիսանայ դէպի Արցախ ելեկտրականութիւն մատակարարող բարձր լարման ցանցի վերանորգման

Ատրպէյճան արգելք կը հանդիսանայ դէպի Արցախ ելեկտրականութիւն մատակարարող բարձր լարման ցանցի վերանորգման

Ատրպէյճանը թոյլ չի տար վերականգնողական աշխատանքներ իրականացնել այն հատուածին մէջ, ուր վթարուած է Արցախը Հայաստանէն սնուցող միակ բարձր լարման գիծը: «Արմէնփրէս»-ի հարցմանն ի պատասխան՝ այս մասին յայտնած են Արցախի արագ արձագանգման-օպերատիւ շտաբէն:

Աւելի վաղ Արցախի տեղեկատուական շտաբէն յայտնած էին, որ 9 յունուարին` ժամը 14։35-ին, Արցախը Հայաստանէն սնուցող միակ բարձր լարման գծի 33-րդ քիլոմեթրին արձանագրուած է վթար։ Ըստ սարքաւորումներով արձանագրուած տուեալներու` վթարը կը գտնուի Աղաւնօ-Բերձոր հատուածին մէջ։ Որոշում կայացուած է հանրապետութեան ելեկտրամատակարարումը իրականացնել տեղական արտադրող կայաններու միջոցով՝ համապատասխան սահմանափակումներով։ Ելլելով տուեալ իրավիճակէն` Հանրապետութեան մէջ 10 յունուարէն կ'իրականացուին հովհարային անջատումներ, որոնց մասին պարբերաբար կարելի է տեղեկանալ «Արցախէներգո»  Փակ բաժնետիրական ընկերութեան (ՓԲԸ) կայքէն: