image

Ատրպէյճանեան կրակէն վնասուած են դէպի Իրան ելեկտրականութիւն տանող բարձր գիծերը

Ատրպէյճանեան կրակէն վնասուած են դէպի Իրան ելեկտրականութիւն տանող բարձր գիծերը

Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած յարձակման ժամանակ ատրպէյճանական զինուած ուժերը հրթիռակոծած են նաեւ Հայաստանէն Իրան տանող բարձավոլթ ելեկտրագիծերը։ Այս մասին Սիւնիք այցելած Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանը։ Ան յայտնած է, որ ՀՀ–ն բաւական ելեկտրական ուժանիւթ կ'արտահանէ դէպի Իրան։

«Սկզբից կարող է թուալ, որ պատահաբար է այն հրթիռակոծուել, սակայն 12 ժամ մեր մասնագէտներին թոյլ չեն տուել մօտենալ այդ ելեկտրագծերին ու դրանք վերականգնել։ Ամէն անգամ, երբ փորձում էին վերականգնել ելեկտրագծերը, մեր մասնագէտները կրակահերթի տակ էին յայտնւում եւ կրկին վերադառնում։ Աւելցուկ հոսանք ունենալու պատճառով ստիպուած եղանք աթոմակայանի հզօրութիւնն իջեցնել եւ կիսով չափ այն աշխատեցնել, ինչպէս նաեւ Երեւանի ՋԷԿ-ն ու մի շարք այլ ելեկտրակայաններ»,-ըսած է Սանոսեան։

Անոր խօսքով` դիտաւորեալ խախտուած է Հայաստանի ամբողջ ուժանիւթային համակարգը։ Սա, ըստ նախարարի, տիպիկ կը նկարագրէ, որ յստակ կը թիրախաւորուէին քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։ Սանոսեան յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը թիրախաւորած էին նաեւ Կեչուտի ջրամբարը, սակայն, բարեբախտաբար, վնասներ չկան, քանի որ արկերը յայտնուած էին ջրամբարի մէջ։