image

5,7 Միլիառ պատուաստ ընդդէմ՝ «Քորոնա»ի

5,7 Միլիառ պատուաստ ընդդէմ՝  «Քորոնա»ի

Աշխարհի մէջ ներկայ դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի դէմ օգտագործուած է 5,7 միլիառ դեղաչափ պատուաստանիւթ, բայց ատոր միայն 2 տոկոսը բաժին հասած է Ափրիկէյին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այդ մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատան Հեպրէյսուսը:  

Անոր խօսքով՝ այդ պատճառով ափրիկեան երկիրներու բնակիչները կը շարունակեն կրել «մահացու ժահրով վարակուելու վտանգը, որու դէմ աշխարհի բազմաթիւ այլ մարդիկ ունին պաշտպանութիւն»:

«Ներկայ դրութեամբ միայն երկու ափրիկեան պետութիւններ հասած են բնակչութեան 40 տոկոսի պատուաստման: Սա բոլոր տարածաշրջաններէն ամենացած ցուցանիշն է: Եւ սա ոչ այն պատճառով, որ աֆրիկեան պետութիւնները չունին հնարաւորութիւններ կամ փորձ պատուաստանիւթերու կիրառման, այլ այն պատճառով, որ անոնք դուրս ձգուած են մնացած աշխարհէն»: