image

Երեւան. Կարմրուկի դէմ անվճար պատուաստումներ

 Երեւան. Կարմրուկի դէմ անվճար պատուաստումներ

Ներկայիս Հայաստան բնակող օտարերկրեայ քաղաքացիներ կարմրուկի դէմ անվճար պատուաստում կրնան ստանալ Երեւանի մէջ՝ Ամիրեան 2 հասցէ գտնուող շարժական կէտը։ 10 մարտին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին ըսած է Առողջապահութեան նախարարութեան Իմունականխարգելման ծրագրի ղեկավար Գայանէ Սահակեան։

Ան աւելցուցած է, որ տեղական օրէնսդրութեան համաձայն՝ պատուաստումն անվճար է ՀՀ քաղաքացիներուն համար՝ Հայաստանի պատուաստումներու ազգային օրացոյցի ծիրին մէջ։ Բայց կարմրուկի բռնկման հետ կապուած որոշում կայացուած է օտարերկրեայ քաղաքացիներուն հնարաւորութիւն տալ պաշտպանուելու հիւանդութենէ։

Անոր խօսքով՝ մարտ 4-էն՝ կարմրուկի բռնկման պահէն, պատուաստման համար դիմած է մօտ 3100 մարդ։ Մասնաւորապէս, պատուաստումներ ստացած են հիւանդներու հետ շփուած շուրջ 600 մարդ, որոնցմէ 300-ը սերտ շփումներ ունեցած են վարակուածներուն հետ, մնացածը շփում ունեցած են սերտ հաղորդակիցներու հետ։ Պատուաստումներ ստացած են նաեւ շուրջ 300 բուժաշխատողներ։

Գայանէ Սահակեան աւելցուցած է, որ պատուաստման համար կը դիմեն նաեւ մեծահասակներ, որոնք չունին կարմրուկի դէմ պատուաստման վերաբերեալ տուեալներ, եւ երեխաները, որոնք այս կամ այն պատճառով չեն պատուաստուած։ «Հայաստանն ապահովուած է պատուաստանիւթով, քանի որ դա սովորական պատուաստում է, եւ մենք միշտ ունենք պաշարներ»,- ըսած է ան։

Մասնագէտի խօսքով՝ առողջապահական համակարգի ուշադրութեան կեդրոնին են այժմ բոլոր այն դպրոցահասակ երեխաները, որոնք չեն պատուաստուած կարմրուկի դէմ։ Դպրոցներու ղեկավարութեան յանձնարարուած է հանել բոլոր երեխաներու համար N26 ձեւի բժշկական թերթիկները եւ ստուգել պատուաստումներու առկայութիւնը: Եթէ երեխան պատուաստուած չէ, անոր ծնողներուն հետ բացատրական աշխատանք տանիլ։

«Եթէ մարդը մէկ անգամ հիւանդացել է կարմրուկով, ապա հիւանդութիւնը, որպէս կանոն, չի կրկնւում, բացառութեամբ օրգանիզմի իմունային (դիմադրողականութեան) պատասխանի խախտման հազուադէպ դէպքերի»,- ըսած է Գայանէ Սահակեան՝ աւելցնելով, սակայն, որ Հայաստանի մէջ կարմրուկի տարրալուծարանով հաստատման դէպքերը սկսած են 2007-էն, իսկ մինչ այդ դարմանական դրսեւորումներու հիման վրայ կատարուած ախտորոշումները կրնան եւ սխալ ըլլալ:

Կարմրուկի դէմ պատուաստի երկու չափաբաժին ստանալէն յետոյ վարակուելու դէպքերը չափազանց հազուադէպ են, Հայաստանի մէջ անոնք ընդհանրապէս չեն արձանագրուած։