image

«3+3-ը Լաւ ձեւաչափ է Կովկասի անվտանութեան համար». Իրանցի դիւանագէտ

«3+3-ը Լաւ ձեւաչափ է  Կովկասի անվտանութեան համար». Իրանցի  դիւանագէտ

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաղերի Քանին, անդրադառնալով Մոսկուա կատարած իր վերջին այցին, ըսած է, որ երկու երկիրները որոշակի շրջանակներ եւ մեքանիզմներ մշակած են երկկողմ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար։

Իրանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն Սուրիոյ հարցով, -ըսած է Ալի Պաղերի Քանին՝ աւելցնելով, որ Թեհրանն ու Մոսկուան շատ լաւ կը համագործակցին կովկասեան տարածաշրջանի հարցով։

« «3+3» շրջանակը (Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան, Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) շատ լաւ մոտել է Կովկասի մէջ տարածաշրջանային անվտանգութեան համար», ըսած է իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը։