image

19-ամեայ հերոս Էտուարտը Ապարանցի էր

19-ամեայ հերոս Էտուարտը Ապարանցի էր

Սեպտեմբեր 28–ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու յարձակման հետեւանքով զոհուած պարտադիր ժամկէտային զինծառայող Էտուարտ Յովհաննիսեանը Արագածոտնի մարզի Ապարան քաղաքէն էր։

19–ամեայ Էտուարտը բանակ զօրակոչուած էր մէկ տարի երկու ամիս առաջ։

NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ Ապարանի ֆիզիկամաթեմատիկական աւագ դպրոցի տնօրէն Նուարդ Բարսեղեանն ըսած է, որ Էտուարտը կը ծառայէր Վայքի մէջ, իսկ  ատրպէյճանական զինուժի՝ 13 սեպտեմբերին սկսած յարձակումէն ետք, տեղափոխուած էր Ջերմուկ եւ մասնակցած ռազմական գործողութիւններուն։

Էտուարտն ընտանիքի կրտսեր որդին էր, իրմէ մեծ մէկ եղբայր ունի։

«Խելացի, դաստիարակուած, համեստ ու շատ յարգուած տղայ էր։ Մեծ ցաւ ենք ապրում»,– ըսած է Նուարդ Բարսեղեանը։

Էտուարտ Յովհաննիսեանն ընդունուած էր Հայաստանի եւրոպական համալսարանի Տնտեսագիտութիւն եւ կառավարում ֆակուլտետի Ֆինանսներ բաժինը եւ անմիջապէս ետք՝ զօրակոչուած բանակ։

Էտուարտի հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ 29 սեպտեմբերին, Ապարանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ 30 սեպտեմբերին, ժամը՝ 13:00-ին, Ապարանի «Վերածնունդ» յուշահամալիրին մէջ: