Հայաստանի հարաւարեւելեան սահմանագօտիին վրայ հրազէնային վիրաւորումէ մահացած 19-ամեայ Հրաչեայ Սարուխանեան Երեւանէն էր, ան 1 տարի 2 ամսուայ զինծառայող էր:
Հրաչեայի հայրը՝ Արա Սարուխանեան յայտնած է, որ որդին Գորիսի զօրամասերէն մէկուն մէջ կը ծառայէր, ծառայութիւնն ալ բնական կ'ընթանար:
«Հրաչեան խոհարարական էր աւարտել, յետոյ գնաց ծառայութեան, որ յետ գար, աշխատեր»,- ըսած է հայրը:
Հրաչեան տան միակ որդին էր, ունի երկու քոյր:
Աւելի վաղ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած էին, որ 31 մարտին՝ ժամը 22:50-ի սահմաններուն, ՀՀ հարաւարեւելեան սահմանագօտիին վրայ ծայրայեղ ցած տեսանելիութեան պայմաններու տակ ՀՀ Զինուած ուժերու զինծառայողներու միջեւ թիւրիմացաբար տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն: Ընթացքին կրակոցներ հնչած են նաեւ ատպէյճանական կողմէն: Միջադէպէն յետոյ յայտնաբերուած է ՀՀ ԶՈւ ժամկէտային զինծառայող Հրաչեայ Արայի Սարուխանեանի մարմինը՝ հրազէնային մահացու վնասուածքով:
Եւս մէկ զինծառայող ստացած է վիրաւորում. որու կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Լուրը՝ NEWS.am-էն: