13 սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման հետեւանքով զոհուած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող՝ Ազատ Գրիգորեան։ Ազատ ընտանիքի միակ որդին էր։ Ան ունէր երկու քոյր։
Կրտսեր քոյրը կը յաճախէ դպրոց, իսկ աւագը՝ հիւանդապահուհի է։ 19-ամեայ Ազատ Գրիգորեան դպրոցը աւարտելէ յետոյ ընդունուած էր Երեւանի Զարդարուեստի պետական ուսումնարանի Մետաղի գեղարուեստական փորագրութիւն բաժին։ Այս մասին պատմած է Ազատ Գրիգորեանի հարեւանուհին, որու անունը իր խնդրանքով չէ նշուած։
Ազատ Գրիգորեան Երեւանէն էր, բանակ զորակոչուած էր 2021-ին, կը ծառայէր Վարդենիս։ «Վերջին անգամ ծնողների հետ խօսել է սեպտեմբերի 13-ի գիշերը։ Ասել է՝ ամէն ինչ լաւ է, հանգիստ քնէք, կռիւ չկայ։ Ժամեր անց ինքը զոհուել է սրտին ստացած բեկորային վնասուածքներից»,- նշեց ան։
Ազատ Գրիգորեան յուղարկաւորուած է 15 սեպտեմբերին, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն։
Նիւթը՝ News.am-էն