image

19-ամեայ Նարեկ Բաղդասարեանը գառնեցի էր

19-ամեայ Նարեկ Բաղդասարեանը գառնեցի էր

12 Մայիսին, ատրպէյճանական սադրանքին հետեւանքով, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը պաշտպանելու ընթացքին զոհուած է ժամկէտային ծառայող Նարեկ Նորայր Պաղտասարեանը (2003 թուականի ծնունդ)։ Ան Կոտայք մարզի Գառնի գիւղէն էր։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ կը զօրակցի անոր ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն հետ:

Յիշեցնենք, որ 11 Մայիսին Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները ժամը 6։00-էն սկսեալ հրետանիի եւ ականանետի միջոցներով կրակ  բացած են Սոթքի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու կողմը:

Հայկական կողմը այդ օրը ունեցաւ 4 վիրաւոր:

12 Մայիսին ՝ ժամը 10:00-ի շուրջ, Ատրպէյճանի ԶՈՒ-ն դարձեալ խախտած է Սոթքի ուղղութեամբ հրադադարը՝ ԱԹՍ կիրառելով: Վիրաւորում ստացած են 2 զինծառայող, որոնցմէ մէկուն վիճակը կայուն է, միւսինը՝ ծանր:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ 9։00-ը Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները մեծ տրամաչափի հրաձգային զէնքերէն կրակ բացած են Կութի, Սոթքի եւ Վերին Շորժայի հատուածներուն վրայ՝ կիրառելով նաեւ հրետանի եւ ականանետեր։ Հայկական կողմը ունի եւս երկու վիրաւոր եւ մէկ զոհ։