13 հոկտեմբերին, ստեփանակերտցի 19-ամեայ երիտասարդ տղան «Պելաճօ» ճաշարանի կամուրջէն վար նետուած է՝ փորձելով վերջ տալ կեանքին։ Այս մասին յայտնած է ArmLur.am:
Տղան փոխադրուած է հիւանդանոց, երիտասարդ տղան կը գտնուի անգիտակից վիճակի մէջ: Բժիշկները տղուն վիճակը կը գնահատեն ծանր։ Իսկ թէ ինչը ստիպած է զայն դիմել այդ քայլին, դեռ յայտնի չէ։