Սիրոյ, հաւատարմութեան եւ ընտանեկան կապուածութեան մասին շատ գրուած է։ Սփիւռքի մէջ յատկապէս ընտանեկան արժէքները կը շարունակեն մնալ հիմնական առանցքը հայկական կեանքին։
Ու այդ առանցքներուն մէջ կան տարբերուող, գունեղ եւ յաճախ ալ դառնութեամբ լեցուն էջէր։
Այդ էջերէն է Տաղլեան ընտանիքի կեանքը։ Ընտանիք, որ ապրած է լիբանանեան պատերազմի ամենադառն ժամանակները, այս օրերուն իր երկրորդ հիմնասիւնը՝ ընտանիքի մայրը, կը յանձնէ Պէյրութի «օտարական» հողին։
Զարուկ Տաղլեան, որ 2019 թուականէն ի վեր կը ծառայէր անկողնոյ, օրերս իր աչքերը փակած է յաւիտենութեան։
Իր ընտանիքին համար նուիրուած մայր, հանրութեան կողմէ սիրուած ու յարգուած հայուհի՝ Զարուկ Տաղլեան իր աչքերը բացած էր գաղթականութիւնէն փրկուած ընտանիքի յարկին տակ՝ 1956–ին։
Լիբանանի երկրորդ մայրաքաղաք համարուող Թրիփոլիի մէջ Զարուկ կ՚անցընէ իր մանկութեան օրերը, իսկ վաղ երիտասարդութեան ժամանակները կը հասուննան այս անգամ Պուրճ Համուտ հայաբնակ շրջանին մէջ, որովհետեւ Զարուկի ծնողները յարմար կը համարեն լքել Թրիփոլին։
Կու գայ ընտանիք կազմելու ժամանակը եւ Զարուկ Վահան Տաղլեանը կ՚ընտրէ որպէս սիրելի եւ որպէս ամուսին ու երկուքով կը կազմեն հայեցի ջերմութեամբ զեղուն ընտանիք մը։
Ընտանիքը կը բախտաւորուի երկու որդիներով՝ Գէորգ եւ Միսակ, որոնք իրենց ծնողաց սիրոյն ու գորովին առարկայ դառնալով կ՚աճին Հաճըն- Պատուաուի թաղամասերուն մէջ՝ ըլլալով նուիրեալ անդամներ՝ ՍԴՀԿ կուսակցութեան։ Անոնք, յար եւ նման իրենց ծնողներուն, անշեղօրէն կը նուիրուին միութենական կեանքին ու ատոր կողքին ալ կը փորձեն կերտել տանելի անհատական կեանք մը։
2010 -ին առաջին հարուածը կը ստանայ Տաղլեաններու ընտանիքը, երբ Վահան Տաղլեան (ազդեցիկ եւ սիրելի անուն մը յատկապէս՝ ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ-եան շրջանակներուն մէջ) սրտի կաթուածի հետեւանքով կը հեռանայ այս աշխարհէն։
Տարիները կը թաւալին, Տիկին Զարուկ վառ կը պահէ իր ընտանեկան օճախը ու նաեւ քաջալեր կը կանգնի որդիներուն՝ կերտելու համար իրենց կեանքը։
2019-ին ցաւալիօրէն եւ կեանքի բերած ոչ բարի ճնշումներուն հետեւանքով տիկին Զարուկ կը ստանայ ուղեղի կաթուած, որուն հետեւանքով ալ կ՚ապրի հիւանդութեան բարդ եւ դժուար օրեր։
Իսկ օրեր առաջ ՝ 10 նոյեմբերին, կը փակէ իր աչքերը եւ կը միանայ իր սիրելի ամուսնոյն՝ թաղուելով ընտանեկան գերեզմանին մէջ։
Անշուշտ, պարտինք յիշել, որ իր հիւանդութեան ամենածանր ժամանակներուն Տիկին Տաղլեան արժանի դարձաւ իր երկու սիրելի զաւակներուն ամբողջական սիրոյն ու գուրգուրանքին, որոնք իրենց պարտականութիւնը կատարեցին մինչեւ մայրիկի վերջին շունչը...
Ապահով ենք, որ նուիրումի, սիրոյ, յարգանքի եւ հայեցի դաստիարակութեան պարիսպներով ամրուացուած Տաղլեաններու ընտանիքը, հակառակ իր թեւաթափ տեսքին, այսօր եւս Տիկին Զարուկի մահէն ետք պիտի շարունակէ իր նուիրական երթը։
Այս կապակցութեամբ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ յատկապէս՝ մեր թերթի բարեկամ՝ Գէորգ եւ Միսակ Տաղլեաններուն, ըսելով՝ Աստուած հոգին լուասւորէ Ձեր սիրելի մայրիկին։