Մինչեւ այժըմ լռեցի,
Խաղաղութեան տէր դարձայ,
Բայց՝ ուրիշին, ո՛չ ինծի…
Ուրիշի կեանքն ապրեցայ։
Հազար տաղեր գրեցի,
Հազարի ցաւն ապրեցայ,
Իմ ցաւերն անտեսեցի,
Ո՛չ ոգու հոգը չեղայ։
Ամէն մարդու սէր տըւի,
Ամէնուն վռազ հասայ,
Մինչեւ անձըս զրկեցի,
Այլոց շահին ապրեցայ։
Մինչեւ այժըմ լռեցի,
Խաղաղութեան տէր դարձայ,
Բայց՝ ուրիշին, ո՛չ ինծի…
Ուրիշի կեանքն ապրեցայ։
Հազար սէր նըւիրեցի,
Հազարի կամքը եղայ,
Իմ սրտիս անտեսեցի,
Ո՛չ ոգու հոգը չեղայ։
Ո՛չ Ոգու Հոգը Չեղայ։
Կայլակ