image

Կէս դար ծառայելէ ետք. Յաւերժին մեկնած է Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեանը (Լուսանկարներ)

Կէս դար ծառայելէ ետք. Յաւերժին մեկնած է Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեանը (Լուսանկարներ)

Օրերս Լոս Անճըլըսի հայաշատ համայնքը  կորսնցուցած է արժանաւոր  եկեղեցական մը։

Խօսքը Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քահանայ Թաթուլեանի շիջման մասին է, որ ի մօտոյ պիտի նշէր իր ոսկեփայլ յիսնամեայ հոգեւոր ծառայութեան յոբելեանը։

Այս մասին գրած է Պոլսոյ մեր գործընկեր՝ «Ժամանակ»ը։

Ստորեւ ներկայացուած մահագրութիւնը՝

Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ի Տէր հանգած է Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեան։ Պըրպենքի առաջնորդարանի աղբիւրները ցաւով հաղորդեցին տէր հօր վախճանը՝ ընդգծելով, որ այս տարի պիտի լրանար իր հոգեւոր ծառայութեան 50-ամեակը։ Դժբախտաբար, նախախնամութեան տնօրինութիւնը արգիլած է յոբելեանին նշուիլը։

Նորոգ վախճանեալ Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեան Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս արգասաբեր հովուական ծառայութիւն կատարած էր։ Ռիտլիի եւ Սան Տիէկոյի եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւը եղած էր։

Նորոգ վախճանեալ Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեան, աւազանի անունով Միսաք-Գալուստ, 1939 թուականին ծնած էր Սուրիոյ մէջ։ Որդին էր Յովսէփ եւ Ակիւլինէ Թաթուլեան ամոլին։ Ծնողները արմատներով Հաճընէն էին, երկուքն ալ կրթական մշակ։

Թաթուլեան ընտանիքը փոխադրուած էր Պէյրութ, ուր վախճանեալ տէր հայրը ստացած էր իր նախնական կրթութիւնը։ Ընտանիքը ապա գաղթած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Յաջորդող տարիներուն լուսահոգի տէր հայրը Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքի ընծայարանին մէջ կատարելագործած էր ուսումը։ ԱՄՆ վերադառնալով ան յաճախած էր Քլերմոնտի Աստուածաբանական համալսարանը, Գալիֆորնիա։ Վկայուած էր նաեւ Ֆրեզնոյի համալսարանէն։

Նորոգ վախճանեալ Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեանի վերջին օծումը տեղի պիտի ունենայ՝ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։