image

Յունաստանի Թեմի Առաջնորդը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն (Տեսանիւթ)

Յունաստանի Թեմի  Առաջնորդը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն  (Տեսանիւթ)

Տ.  Խորէն  արք. Տողրամաճեան նոր  թեմական  առաքելութեան պիտի կոչուի: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Աթէնք  լոյս տեսնող «Ազատ օր»ին մէջ: Աղբիւրը, որ այս մասին հրապարակած է Յունաստանի  (Անթիլիասական)  թեմի Ազգային Վարչութեան  հրապարակած հաղորդագրութիւնը, ուր կ'ըսուի, թէ   Մեծի Տանն Կիլիկոիոյ Կաթողիկոս  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ  Ա.  Վեհափառ   ընդառաջելով  Տ. Խորէն  արքեպիսկոպոսի  փափաքին` զերծ կացուցած է Սրբազան հայրը  Յունաստանի Թեմի առաջնորդի  պաշտօնէն:  Ազգային Վարչութիւնը իր  այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ    շնորհակալութեան յատուկ խօսք յղած է Սրբազանին՝ անոր թեմական  ծառայութեան անսակարկ նուիրումին եւ ծառայութեան համար: