Յորդանանի մէջ այսօր ընթացք կ'առնեն Արաբական Լիկայի 28 -րդ գագաթաժողովի աշխատանքները: Ժողովի հանդիսաւոր բացման խօսք պիտի առնէ Յորդանանի Ապտալլա Բ.ն թագաւորը, որ նոյնպէս պիտի ստանձնէ Արաբական Լիկայի նախագահութեան պաշտօնը:
Նշենք, որ Արաբական Լիկայի 27-րդ գագաթաժողովը տեղի ունեցած էր Մաւրիտանիոյ մէջ 2016 -ին եւ Լիկայի կանոնագրին համաձայն ժողովը հիւրընկալող երկիրը ստանձնած էր Լիկայի նախագահութիւնը:
Այսօրուան ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Արաբական 16 երկիրներու գլխաւոր պատասխանատուներ, իսկ մնացեալ երկիրները կը ներկայացուին տարբեր մակարդակի պաշտօնատարներով:
Այս ժողովին, ինչպէս նաեւ 2016-ին եղած ժողովին մեծագոյն բացական կը համարուի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, որուն իշխանութիւնը Սուրիոյ պատերազմին թէժացումէն ասդին լուրջ տարակարծութիւններունեցած է Արաբական Լիկային հետ:
Այսօր սկիզբ առած Արաբական Լիկայի ժողովին գլխաւոր քննարկումները յատկացուած պիտի ըլլայ Պաղեստինի եւ Սուրիոյ հիմնախնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրակարգին: