Վերջերս, փակուած է Սուրիա ապաստանած պաղեստինցի գաղթականներ եւ սուրիացիներ ընդգրկող Յորդանանի հիւսիսը գտնուող՝ «Սայպըր Սիթի» գաղթակայանը: Այս մասին յայտարարած է՝ փախստականներու հարցերով Յորդանանի մէջ ՄԱԿ-ի Գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը:
Ըստ Անատոլու գործակալութեան, գաղթականները տեղափոխուած են թագաւոր Ապտալլայի «Ռամսա պարտէզներ» գաղթակայանը, որ աւելի ընդարձակ տարածք մըն է, եւ վերանորոգուած է հինգ տարի առաջ:
Յայտնենք, որ Յորդանան ապաստանած են 390 հազար սուրիացի գաղթականներ, որոնց տրամադրուած է չորս գաղթակայաններ՝ Ալ-զահթարի, Մրէյժէպ Ալ-ֆհուտ, Ալ-ազրաք, եւ Սուրիոյ սահմանագիծի Ռամսա պարտէզներ գաղթակայանը: