image

Ընթացք առաւ Լիբանանի Ռաս Պաալպէքը «Տահէշ»էն ազատագրելու գործողութիւնը

Ընթացք առաւ  Լիբանանի   Ռաս Պաալպէքը    «Տահէշ»էն   ազատագրելու գործողութիւնը

Այսօր առաւօտ կանուխ   ազդանշանը  տրուեացաւ     Լիբանանի Ռաս Պաալպաքը «Տահէշ»էն ազատագրելու   զինուորական գործողութեան:

 Նշենք, որ լիբանանեան  բանակը  վերջին մէկ ամսուան ընթացքին   կարեւոր պատրաստութիւններ  տեսած էր     եւ        դիրքեր   տեղակայած    Ռաս Պաալպէքի     մօտ եղող  հատուածներուն  վրայ:

 

 Մինչ բանակի  ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աուն  կ'ազդարարէր    «Ֆաժըր  ալ ժրուտ»   («Լեռներու  արշալոյսը» ՝Խմբ.  «Արեւելք»)   գործողութեան  սկիզբը,  անդին  Լիբանանի նախագահ  զօր. Միշէ լԱուն կը  ժամանէր      Եարզէյի   պաշտպանութեան  նախարարութեան կեդրոնատեղի  մօտէն հետեւելու   համար       զինուորական   գործողութիւններու  ընթացքին:

 

 Ըստ  ՒՏԼ    կայանին    այս  գրոհին  կը  մասնակցին բանակի   յատուկ  ստորաբաժանումներու 1500  զինուորներ   եւ մարտական  գործողութիւնները    տեղի կ'ունենան  չորս հիմնական   ճակատներէ:

  Կը փոխանցուի նաեւ,  որ   «Տահէշ»  ահաբեկչական  խմբաւորման        անդամ  ահաբեկիչ զինեալներու  թիւը կը գնահատուի  1000-ով:

 

 

 Նշենք նաեւ, որ նոյն պահուն    «Հըզպալլա» եւ Սուրիոյ բանակի ստորաբաժանումներ     յայտատարաեցին «Տահէշ»ի  դէմ  զինուորական գործողութեանց  սկիզբը  այս անգամ  Սուրիոյ  Քալամուն շրջանի  կողմէն: