«Apple» ընկերութեան հիմնադիր Սթիւ Ճապզի դուստրը՝ Լիզա Ճապզ հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցած է հօր մասին:
Բրիտանական «Daily mail» թերթին փոխանցմամբ, իր յուշերը հրապարակած Լիզա Ճոպզ հօր մասին պատմելով նշած է, թէ վերջինս շատ դաժան էր դստեր նկատմամբ, անվայել խօսքեր կը հնչեցնէր ու կ'արհամարհէր զինք:
Աղբիւրը նշած է, որ երբ Լիզա հարցուցած է հօր, թէ արդեօք իրեն պիտի ժառանգէ՞ ինքնաշարժը, Սթիւ պատասխանած է, որ ան ոչինչ պիտի ստանայ իր ունեցուածքէն:
40-ամեայ Լիզա յայնտած է, որ իր հօր ձեռք բերած յաջողութիւնները սատանայի վերածած էին զինք: