«Ուիքիլիքս»ի բացայայտած նոր տեղեկութիւններու համաձայն, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի փեսան՝ Պերաթ Ալ Պայրաք, որ երկրի ուժանիւթի նախարարն է, ապօրինի կերպով «Տահէշ»ի մօտ եղած նաւթը Թուրքիա կը տեղափոխէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ Ճատիտ» լրատուականը:
Աղբիւրը կը յայտնէ նաեւ, որ «Ուիքիլիքս»ի հրապարակած տասնեակ հազարաւոր ելեկտրոնային հաղորդագրութիւններ կը բացայայտեն, որ Էրտողանի փեսան «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման հետ կապ հաստատած է «Փաուըր Թրանս» կոչուած ընկերութեան մը միջնորդութեամբ, որ նոյնպէս կը զբաղէր ահաբեկչական խմբաւորման նաւթը Թուրքիա տեղափոխելով:
«Ուիքիլիքս» կը նշէ, թէ հակառակ անոր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 2011 թուականի որոշումով մը արգիլած էր նաւթի ներածումն ու արտահանումը, սակայն այդ որոշումը «Փաուըր Թրանս»ի վրայ չէ տարածուած:
«Ուիքիլիքս» հրապարակած է նաեւ Ալ Պայրաքի եւ «Քալիք» ընկերութեան մարդկային ռեսուրսներու տնօրէն Պեթուլ Եըլմազի միջեւ փոխանակուած նամակագրութիւնը, ուր «Փաուըր Թրանս» ընկերութեան շահերը հետաքրքրող նիւթեր արծարծուած են:
Յիշեցնենք, որ աւելի շուտ Ալ Պայրաքի հերքած էր նշուած ընկերութեան հետ իր կապը:
Նշենք նաեւ, որ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորումը իր հարստութեան քառորդը՝ 350-600 միլիոն տոլար ձեռք բերած է Սուրիոյ եւ Իրաքի նաւթի վաճառքէն: