Ուաշինկթըն քննադատած է կիրակի օր Ռուսիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ բողոքի դուրս եկած հարիւրաւոր ցուցարարներու ձերբակալումը՝ Ռուսիոյ իշխանութիւններու կողմէ, անոր արարքը անուանելով «վիրաւորանք» ժողովրդավարութեան:
Նշենք, որ կիրակի օր ռուս ընդդիմադիր Ալեքսի Նավալնին եւ Ռուսիոյ տարբեր շրջաններու մէջ անոր հարիւրաւոր համակիրներ ձերբակալուած են, երկրի մէջ փտածութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու համար:
ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարք Թոնըր յայտարարած է, որ «Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կը դատապարտէ հարիւրաւոր խաղաղ ցուցարարներու ձերբակալութիւնը ամբողջ Ռուսաստանի տարածքին», աւելցնելով, որ «խաղաղ ցուցարարներու, մարդու իրաւունքներու դիտորդներու եւ լրագրողներու ձերբակալութիւնը կը հանդիսանայ վիրաւորանք՝ Ժողովրդավարութեան հիմնարար արժէքներուն»:
Նշենք, որ ըստ ցոյցեր հսկող «OFD Info» կազմակերպութեան, Մոսկուայի մէջ, ուր հազարաւոր մարդիկ դուրս եկած էին ցոյցի, հակառակ իշխանութիւններու արգելքին, առնուազն 933 մարդ ձերբակալուած է, իսկ ոստիկանութիւնը յայտարարած է 500 անձի ձերբակալութեան մասին: