«Ալ Արապիա» լրատուական կայանի կայքէջին լրագրող Փիեռ Ղանէմ յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշած է, որ «ԱՄՆ կառավարութիւնը վերջերս կը ձգտի Իրանի նկատմամբ նախագահ Թրամբի ռազմավարութիւնը ճշդել»:
Յօդուածագիրը հիմնուելով ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հետ անմիջական կապ ունեցող պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ Սպիտակ Տան մէջ Միջին Արեւելքի հետ կապերու պատասխանատու անձերու յայտարարութիւններուն, եզրակացութիւններ կատարելու համար Իրանի նկատմամբ Թրամբի ռազմավարութեան վերաբերեալ:
Յօդուածին մէջ նշուած է. «Յստակ է, թէ Թրամբ չի համակրիր իրանեան վարչակարգին: Աւելին, զինք շրջապատող խումբը, որոնց թուին են Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս, զգային անվտանգութեան խորհրդական Մաքմասթըր եւ վերջինիս Միջին Արեւելքի գծով օգնական Ճօ Ռայպորն Իրանի նկատմամբ ծայրայեղական կեցուածքներ որդեգրած են: Անոնք Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հուսէյնի վարչակարգի տապալումէն ի վեր Իրաքի մէջ կը ծառայէին, ականատես եղած են Իրանի կողմէ հովանաւորուող խմբաւորումներու ԱՄՆ զինուորներուն դէմ իրականացուցած յարձակումներուն, այնուհետեւ ականատես եղան, թէ ինչպէս տապալեցաւ Իրաք 2011 թուականին ԱՄՆ զինուած ուժերու հեռանալէն ետք՝ իրանեան ուժերու եւ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման ձեռամբ:
Ըստ յօդուածագիրին, անցնող ամիսներու ընթացքին ԱՄՆ կառավարութիւնը վերանայած է Իրանի նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը, եւ ըստ ձեռք բերուած տուեալներու, Թրամբ յանգած է այն եզրակացութեան, թէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող բոլոր քաղաքական վերիվայրումներու ետին Իրան կանգնած է, հետեւաբար ԱՄՆ-ի ռազմավարութեան կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ Իրանի գործունէութեան նկատմամբ իր դիրքորոշման ճշդումը, իսկ մնացեալ բոլոր թղթապանակները պիտի հետեւին սոյն թղթապանակին:
ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Քրիստիան Ճէյմս դիտել տուած է, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը համոզուած է, որ կարելի չէ անտեսել Իրանի քայլերը, այլ պէտք է կեդրոնանալ անոնց վրայ:
Ներկայիս ԱՄՆ նախարարութիւններէն իւրաքանչիւրն իր վրայ վերցուցած է Իրանի դէմ պայքարին մէջ իր դերն ունենալու պարտականութիւնը: Այսպէս, ԱՄՆ Ելեւմուտի նախարարութիւնը համոզուած է, որ պէտք է պատժամիջոցներ սահմանէ Իրանի եւ յատկապէս Յեղափոխական պահակազօրի նկատմամբ, մինչդեռ Արտաքին գործոց նախրարութիւնն ստանձնած է Իրանի դէմ միջազգային գետնի վրայ պայքար մղել:
Արաբական ծոցի երկիրներու եւ Իրանի հարցերով ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակին ուղղուած հարցին, թէ ի'նչ դեր կը խաղան զինուած ուժերը, վերջինս յիշել տուած է ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարին յայտարարութիւնը, ուր շեշտած է, թէ Իրան մեծ սխալ գործած պիտի ըլլայ, եթէ տարածաշրջանին մէջ հաստատուած ԱՄՆ զինուած ուժերուն հետ հակամարտութեան մէջ մտնէ:
Վերջինս նշած է, որ Օպամայի նախագահութեան տարիներուն Իրան մշտապէս փորձած է հակամարտութեան դուրս գալ Միջազգային ջուրերուն մէջ հաստատուած ԱՄՆ ռազմածովային ուժերուն դէմ, սակայն վերջերս այդ փորձերը բաւականին նուազած, անգամ անհետացած են: «Ներկայիս ԱՄՆ երկու կարեւոր խնդիրներու առջեւ կանգնած է, զորս պէտք է դիմակայէ: Առաջինը՝ իրանեան պալիսթիկ հրթիռներու առկայութիւնն է, երկրորդը՝ Իրանի կողմէ զէնքի տրամադրումն է Եէմէնի, Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իր կողմէ հովանաւորուող խմբաւորումներուն»,- յայտնած է նախարարութեան խօսնակը:
Ըստ յօդուածագիրին ձեռք բերած տեղեկութիւններուն, ներկայիս ԱՄՆ կը համագործակցի իրաքեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դեմիկրատական ուժերուն հետ, Պաղտատէն Դամասկոս տանող կարճ ճանապարհը փակելու եւ այդ ճամբով զէնքի տեղափոխումը կասեցնելու նպատակով:
«ԱՄՆ այժմու նախագահի վարչակարգը կը գիտակցի իրանեան ուժերու ազդեցութիւնը, մասնաւորապէս Յեղափոխութեան պահակազօրի ու իրաքեան շարք մը կուսակցութիւններու եւ խմբաւորումներու փոխյարաբերութիւնները, սակայն իրաքեան բանակին հետ երկարաժամկէտ յարաբերութիւններու հաստատումը պիտի երաշխաւորէ Իրաքի անկախութեան հաստատումն ու իրանեան ազդեցութենէ ձերբազատումը»,- նշուած է յօդուածին մէջ:
Յօդուածի աւարտին յօդուածագիրը կարծիք յայտնած է, որ Իրանի դէմ պայքարի անհրաժեշտութեան մասին Թրամբի ելոյթէն ետք այնպէս կը թուայ, թէ Ուաշինկթըն նոյնը չէ, ինչ որ էր Օպամայի օրօք: Վերջինիս նախագահութեան տարիներուն ԱՄՆ-ի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր իրանեան միջուկային վտանգին վրայ, անտեսելով իրանեան ազդեցութեան հզօրացումը Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, հասնելով մինչեւ Եէմէն եւ սպառնալիք հանդիսանալով Պահրէյնին: Սակայն ներկայիս Ուաշինկթըն այդ բոլորը սխալ համարելով կը փորձէ իր բոլոր ջանքերն ու միջոցներն ի գործ դնել, իրանեան վտանգին դէմ պայքարելու համար: