image

Որոնողական Աշխատանքներու Արդիւնքով Յայտնաբերուած Է Երկու Զինծառայողի Դի. ԼՂՀ ՊԲ

Որոնողական Աշխատանքներու Արդիւնքով Յայտնաբերուած Է Երկու Զինծառայողի Դի. ԼՂՀ ՊԲ

ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 8 Ապրիլին, համաձայն նախօրօք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի դաշտային օգնականներու միջնորդութեամբ, իրականացուած է զոհուածներու որոնողական աշխատանքներ, որու արդիւնքով հայկական կողմը յայտնաբերած է ՊԲ զինծառայողներ` կրտ. ս-տ Ռոպերթ Ալեքսանտրի Ապաճեանի (ծնն. 1996թ.) եւ շարք. Անդրանիկ Ատոմի Զոհրապեանի (ծնն. 1996թ.)  դիակները:

Որոնողական աշխատանքներու ընթացքին կրակի դադարեցման շուրջ պայմանաւորուածութիւններու խախտում չէ արձանագրուած: Գործընթացին ներկայ եղած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Կասպրշիկի ռազմական հարցերով օգնականները:

Նշենք, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ երէկ ձեռքբերուած էր պայմանաւորուածութիւն, որու համաձայն՝ ապրիլի 8-ին ժամը 15:00-20:00-ն ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածներուն պիտի ապահովուէր կրակի դադարեցման խիստ ռէժիմ, հնարաւորութիւն տալով երկու կողմերուն որոնել զոհուածներու մարմինները եւ փոխանակել դիերը: