image

Որբանոցներ, որոնք հիմնուած են Քեսապի մէջ կամ դուրսը՝ քեսապցիներու եւ պատ. Յովհաննէս Էսքիճեանի գործակցութեամբ

Որբանոցներ, որոնք հիմնուած են Քեսապի մէջ կամ դուրսը՝  քեսապցիներու եւ պատ. Յովհաննէս Էսքիճեանի գործակցութեամբ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ 

 

«ՀԱՅԵՐԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔՈՒՄ 1915-1923 ԹԹ» վերնագիրով գիտաժողովը առիթ է յիշեցնելու շարք մը որբանոցներ եւս, որոնք հիմնուած են Քեսապի մէջ կամ դուրսը՝ քեսապցիներու եւ պատ. Յովհաննէս Էսքիճեանի գործակցութեամբ: Այսպէս՝

ՀՐԹԸՐԻ ՈՐԲԱՆՈՑԸ, ՔԵՍԱՊ.- Մարիամ Սարամազեան-Չիւրիքեան, որ լաւապէս ու մօտիկէն տեղեակ էր 1900-1920 թուականներու իրադարձութիւններուն, կը պատմէ. «1909-Ի Աղէտէն ետք, երբ քեսապցի փախստականները Քեսապ կը վերադառնան, Գերմանիայէն մր. Հրթըր եւ մր. Թրոպրիճ Սթիվի, նաեւ շրջան մը Ուրֆայի մէջ ծառայած միս Չեմպըրզ եկան: Ասոնք Քեսապի վիճակը քննեցին եւ ժողովուրդին բաւական օգնութիւն ըրին: Հրթըր իր կնոջ եւ երկու աղջիկներուն հետ եկած էր: Ան Քեսապի մէջ որբանոց մը բացաւ: Անոնք մինչեւ Տարագրութիւն որբանոց պահեցին: Անշուշտ որբանոցին ծախսը միայն իրենք չէին հոգար, նոյնիսկ Քեսապէն օգնութիւն կ՛ըլլար» (Քեսապ, Գ. հատոր, էջ 207): Ըստ հիներու վկայութեան որբանոցը Լեփսիւս ընկերութեան կը պատկանէր, բայց Հրթըր գերմանացի լրտես-հետախոյզ էր, կը պատմուի, որ 1915-ին, իբրեւ թէ քեսապցիներու տարագրութեան հրամանը խափանելու համար՝ որբերը առած Հալէպ կը մեկնի, Իտլիպի մօտ որբերը քարիւղով կրակի կու տայ ու կը միանայ գերմանական բանակին (Ալպէռ Ս. Թէմիրեան, Քէսապ, էջ 80):

ՊԱՏՈՒԵԼԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԷՍՔԻՃԵԱՆԻ ԵՒ ՄԻՍ ՌՈՆԸՐԻ ՀԵՌԱԿԱՅ ՁԵՒՈՎ ԲԱՑԱԾ ՈՐԲԱՆՈՑԸ, ՃՍԸՐ ՇՈՒՂՈՒՐ.- Ճըսըր Շուղուր գաղթակայան մըն էր, ուրկէ hայ տարագիրները կը քշուէին դէպի Հալէպ եւ դէպի Համա: Քեսապցի կարգ մը ընտանիքներ Ճսըր Շուղուր մնալու արտօնութիւն ձեռք կը բերեն: Անոնցմէ Միսաք Չիւրիքեանի կինը՝ Մարիամ Սարամազեան, կը պատմէ. «Մեր շուրջը որբ եւ աղքատ փոքրիկներ կային: Տարագիրները մեծ մասով թշուառ էին: Շատերը այնքան տկարացեր էին, որ աննշան հիւանդութեան մը նոյնիսկ չէին դիմանար եւ իրենց ետին որբեր կը ձգէին:
Հալէպէն միս Ռոնըր եւ պատուելի Յովհաննէս Էսքիճեան այս աղէտէն տեղեակ կ'ըլլան: Օր մըն ալ Միսաք Չիւրիքեանի անունով նամակ ստացանք: Կը գրէին «Հալէպ եկուր»: … Ամուսինս Հալէպ տեղ կը հասնի ու կը տեսակցի յիշեալներուն հետ, որոնք իրեն կը յանձնեն որոշ գումար մը, հագուստի համար կտաւ ու կերպաս, բաւական փաթանիա ու պարկերով ալիւր: Որբ եւ աղքատ փոքրիկները հաւաքեցինք մեր բակին մէջ, խոշոր սենեակի մը մէջ: 44 որբուկներ եղան: Որբերը խնամողներ նշանակուեցան եւ անոնց տրամադրութեան տակ դրուեցան իւղ, պանիր, ձաւար եւ ձէթ: Որբուկներուն կեանքը կարգի մտաւ»: Արիհացի արաբ կառապան մը՝ Խարմանտա անունով, պարապ պարկերը Հալէպ կը տանէր եւ լեցուն կը բերէր (Քեսապ, Գ. հատոր, էջ214-215): Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հովիւ պատ. Յովհ. Էսքիճեան եւ միս Ռոնըր մինչեւ վերջ օգնեցին: Յետոյ Ճսըր Շուղուրի հայերը կը տարագրուին: Որբուկներուն ճակատագիրը անյայտ կը մնայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԱՆՈՑԸ, ՔԵՍԱՊ, Քեսապի Ազգային միութիւնը տասնեակ մը որբեր բերելով տարագրութեան ճամբաներէն կը հիմնէ փոքրիկ որբանոց մը: Որբերէն շատերը քեսապի չէին: Որբանոցի հայրիկ կը նշանակուի Ովսիա Սաղտըճեանը (Տայի)՝ նախկին լեգէոնական մը: Որբերը կը յաճախէին Ազգային միութեան Միացեալ վարժարան: Որբուկներէն շատերը տուն-տեղ կ'ըլլան Քեսապի մէջ:

ԼԱՏԻՆԱՑ ՎԱՆՔԻ ՈՐԲԱՆՈՑ, ՔԵՍԱՊ.- Հայ Սապաթինո տէլ Կայծո` Քեսապի լատինաց վանքի վանահայրը, տարագրութենէն դառնալով Հալէպէն իր հետ կը բերէ խումբ մը որբեր ու կը հիմնէ որբանոց: Որբերը քեսապցի չէին: Որբերը կը յաճախէին լատինաց վարժարան:

ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԼԵՓՍԻՒՍ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԱՆՈՑ-ԴՊՐՈՑԸ (1932-1939).- Գերմանական Լեփսիւս ընկերութեան կողմէ Անդրանիկ Գաւուքճեան անուն հայ մը՝ իր գերմանացի կնոջ եւ անոր եղբօր հետ Քեսապի բողոքականներու պատկանող շէնքի մը մէջ կը բանայ որբանոց մը: Որբերը Պէյրութէն կը բերէ: Ասոնք Պէյրութի հիւղաւաններուն մէջ որբացած մանուկներ, չափահաս պատանիներ ու պարմանուհիներ էին: 1932-ին որբանոցը կը տեղափոխէ Ուսումնասիրաց ընկերութեան պատկանող Գայափունարի (Գայփինկէօր) կալուածը, Օրտուի եւ Ներքի Գիւղի միջեւ: Հոս շինել կու տայ ագարակ՝ ցանքի ընդարձակ արտերով, պարտէզներով ու բանջարանոցով: Կը պահէ մեծ թիւով խոզ, բադ, հաւ եւ այլ կենդանիներ: Քանի մը հայ ու այլազգի ընտանիքներ մշտապէս կ’աշխատէին ագարակին մէջ: Որբանոցի շէնքին կից ունէր դպրոց եւ արհեստանոց: Չափահաս որբերը կ’աշխատէին ագարակին մէջ: Ուսուցիչները Ուսումնասիրացի շրջանաւարտներն էին (Նկարը տես 3 Նոյեմբերի այս էջիս վրայ):
1939-ի սահմանագծումով Գայափունարի կալուածը կը մնայ Թուրքիա: Որբանոցը կը փակուի. որբերը կը ցրուին: Ֆրանսական իշխանութիւնները Գաւուքճեանը կը հետապնդեն իբրեւ գերմանական լրտես:

 

 


Տարաագրութեան ճամբաներէն տարբեր որբանոցներու մէջ յայտնուած են բազմաթիւ քեսապցի որբուկներ: Ահա չորս որբուկներու խմբանկար մը, 1919, Քելէկեան որբանոց, Չորք Մարզպան (Տեորթ Եոլ). Սերոբ Եարալեան՝ սանդիկներ եւ տապանաքարեր պատրաստող յայտնի քարտաշը, որ ծանօթ էր Բարլուօյս անունով, եղբայրը՝ Աբրահամ (Եսայեան, Հայաստան), Նեւտոն Մահշիկեան եւ Սիմոն Այանեան: Հիները լաւ կը յիշեն այս սիրելի դէմքերը