«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ օրերս Երեւան այցելած «Ոմանք» խումբի երաժիշտ եւ կատարող՝ Սարօ Ուստան։
-Պիտի ուզէինք մեր ընթերցողներուն բացատրես՝ ի՞նչ է «Ոմանք»ը քեզի համար:
-«Ոմանք»ը ինծի համար այն խումբն է, որ չի մոռնար իր պատմական, ժողովրդական երգերը, միշտ կը լսէ եւ նաեւ կը նուագէ, բայց միշտ կ'ուզէ առաջ երթալ, նոր բան յօրինել, առանց մոռնալու ժողովրդականը կամ մեր արմատները:
-Այսօրուայ Թուրքիոյ մէջ «Ոմանք»ը տեղ ունի՞:
-Եթէ հայութիւնը տեղ ունի, «Ոմանք»ն ալ տեղ պիտի ունենայ։ Ատիկա պարտադիր է, մենք ասոր համար կ'աշխատինք:
-Իսկ այլընտրանքային երաժշտութիւնը, որուն մասին դուք ակնարկ ըրիք համերգի ժամանակ, ի՞նչ է ձեզի համար։
-Այլընտրանքային կ'ըսենք, որովհետեւ մեր նման խումբերու պարագային երաժշտական ժանրերը շատ խառնուած են իրարու։ Օրինակ, երբ ռոք, ըսենք, բայց անոր մէջ ելեկտրոնային գործեր ալ ըլլան չենք կրնար յայտարարել, որ ներկայացուածը հարիւր առ հարիւր ռոքի ժանր է։ Հետեւաբար մեր ներկայացուցած երաժշտութեան համար մէկ անուն տալը դժուար եւ «անարդար» պիտի ըլլայ։ Մեր կատարած գործերուն մէջ կայ ռոք, իսկապէս ժողովրդական մեղեդիներ եւ իսկապէս ելեկտրոնային նմուշներ... անոր համար չենք կրնար մէկ անունով «գոհանալ»...

-Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները Երեւանէն, ըսիր՝ դուխով, ինչո՞ւ դուխով:
-Սկիզբէն եւ շատ մեծ յուզումով կը հետեւէի Երեւանի մէջ եղած զարգացումներուն։ Ճիշդը եթէ կ՚ուզէք յատկապէս առաջին օրերուն շատ մեծ վախ ունէի ... որովհետեւ առաջուայ փորձերը գիտեմ, բայց այս անգամ շատ մեծ քայլ եղաւ...
Այսօր Երեւան կը գտնուիմ, կը տեսնեմ որ մեր ժողովուրդը աւելի հանգիստ, ժպտուն եւ մանաւանդ ապագայի հանդէպ աւելի լաւատես է...
-Թուրքիան 10 օրէն ընտրութիւններու կ'երթայ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը։
-Յոյս չունիմ, բացէ ի բաց՝ոչ մէկ փոփոխութեան յոյս ունիմ Թուրքիոյ մասին: Ինծի եթէ հարցնէք, ոչ մէկ բան կը փոխուի, որովհետեւ բոլոր այն ուժերը, որոնք կը պատրաստուին այսօրուան իշխանութիւնը փոխարինել իրենք եւս բրոպլեմաթիք ուժեր են... Տխրելով է, որ կ՚ըսեմ այս մէկը եւ ըսածս իրականութիւն է... Թուրքիան այսօր բարդ դրութեան մը մէջ է ու ոչ ոք գիտէ, թէ երբ կրնայ «հանգստանալ»։
